Յետաձգելով Չինաստան ծրագրուած իր պաշտօնական այցելութիւնը, Յունաստանի Բնապահպանութեան եւ Ուժանիւթի նախարար Փանաեոթիս Լաֆազանիս, նոր կառավարութեան նշանակումէն ետք, իր առաջին ճամ
բորդութիւնը դէպի Ատրպէյճան կը կատարէ։
Երկօրեայ այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած բնական կազի «Հարաւային Ճանապարհի» ծրագրին մէջ ներառնուող երկիրներու խորհրդատուական հանդիպումին առիթով։ Հանդիպումը կը հիւրընկալէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ անշուշտ առիթը պիտի չկորսնցնէ տնտեսական իր խաղերուն մէջ ներառնելու նաեւ քաղաքականը։
Յունաստանի նորընտիր կառավարութիւնը, շարունակելով երկրի ուժանիւթային քաղաքականութիւնը, կենդանի կը պահէ TAP խողովակաշարի ծրագիրը, որ Յունաստանի տարածքին միջոցաւ կազ պիտի հայթայթէ դէպի Եւրոպա։ Իսկ նորապաշտօն նախարարի առաջին այցելութիւնը Պաքու, ճիշդ այս քաղաքականութիւնը կը շեշտադրէ, ինչպէս եւ յունական կազի ՏԵՍՖԱ ընկերութեան 66 առ հարիւրի վաճառքը ատրպէյճանական SOCAR ընկերութեան, որ 400 միլիոնի հասնող ծրագիր է։ Եւրոպական Քոմիսիոնը լուրջ վերապահութիւններ յայտնած է այս ծրագրի գծով, որու համար ալ պրն. Լաֆազանիս յայտնած է թէ կառավարութիւնը կը սպասէ Քոմիսիոնի վերջնական որոշման, իր հետագայ քայլերը ծրագրելու համար։
Եւրոպական Միութեան այսքան սրած մթնոլորտին մէջ, յատուկ իմաստ կը ստանայ բնական կազի վերաբերեալ ծրագիրներու իրագործումը։ Մանաւանդ Ռուսաստանի խստացուած քաղաքականութեամբ, որ Եւրոպայի մէջ սպառող ուժանիւթի աւելի քան մէկ երրորդի մատակարարն է։ Այս վիճակի հետեւանքով՝ Ռուսաստան կրնայ կազի գիները այնպէս թելադրել, որքան աւելի է երկրի մը կախուածութիւնը իրմէ։ Օրինակի համար Յունաստան եւ Չեխիա իրենց երկիրներուն մէջ բնական կազի 70 առ հարիւրը Ռուսաստանէն կը ստանան։ Պալթեան երկիրները, ինչպէս Էսթոնիա, Լաթվիա եւ Լիթուանիա, Պուլկարիա, Ֆինլանտա եւ Սլովաքիա ամբողջութեամբ կախուած են Ռուսաստանի, իրենց երկիրներու բնական կազի ամբողջական մատակարարման համար։ Աւստրիա, Գերմանիա եւ Լեհաստան, որոնք շուրջ 50 առ հարիւր ուժանիւթ կը ստանան Ռուսաստանէն, հնարաւորութիւնը ունին ուրիշ մատակարարներու ալ դիմելու, եթէ Ռուսաստան եւ յատկապէս Gazpromը չափազանց սուղ գիներ ճշդէ կազի համար։ Այս այլընտրանքային ծրագիրները զօրացնելու եւ Ռուսաստանէն կախուածութիւնը «սահմանափակելու» նպատակին ուղղուած քայլերն են որ դարձեալ մէջտեղ կուգան։
Լաւրով - Քոծիաս կը քննարկեն Թուրքիայէն անցնող կազատարի հարցը
Մեր ընթերցողները կը յիշեն թէ անցեալ Դեկտեմբերին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Անգարայի մէջ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էր, յայտնելով թէ Ռուսաստան կը կասեցնէ South Stream կազատարի կառուցումը, որ Ռուսաստանի հարաւէն ճամբայ պիտի ելլէր ու անցնելով Սեւ Ծովէն Պուլկարիա պիտի հասնէր, անկէ ալ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպա։ Ան այս քայլը վերագրած էր ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան վարած քաղաքականութեան, շեշտելով թէ պայմանները նպաստաւոր չեն նման ծրագրի մը իրագործման համար. գէթ՝ առայժմ։ Նոյն ժամանակ, Անգարայի հետ միասին կը յայտարարուէր նոր կազատարի մը ծրագրի իրագործման մասին, որ դարձեալ Սեւ Ծովէն անցնելով՝ Թուրքիոյ միջոցաւ Յունաստանի սահման պիտի հասնի։
Ճիշդ այս օրակարգով էր, Մոսկուայի մէջ օր մը առաջ կայացած՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ յոյն իր պաշտօնակից Նիքոս Քոծիասի հանդիպումը։ Երկու քաղաքագէտները, իրենց հանդիպման աւարտին, յայտնեցին թէ «հնարաւորութիւններ կը տեսնեն» այս ծրագրի իրագործման մէջ։
Կազամուղը որ անպաշտօն ձեւով արդէն կը կրէ Turkish Stream անունը՝ South Streamի փոխարէն, պէտք է աւարտած ըլլայ մինչեւ 2020 թուական, երբ Կազփրոմ պիտի դադրեցնէ Ուքրանիայէն անցնղ կազի ուղիները։