Ա­թէն­քի մէջ կրքոտ եր­կօ­րեակ մը կը նա­խա­տե­սո­ւի, վա­ղը Ուր­բաթ եւ ­Շա­բաթ օ­րե­րուն ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մետ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի այ­ցե­լու­թեան, բայց նաեւ օ­րե­րէ ի վեր ըն­կե­րու­թիւ­նը տագ­նա­պեց­նող հար­ցե­րու պատ­ճա­ռով:

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վա­կան խիստ մի­ջոց­նե­րու կը դի­մէ, բո­լո­րո­վին փա­կե­լով Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րէն մի քա­նին, յատ­կա­պէս նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եւ  խորհըր­դա­րա­նի շրջա­կայ­քին, ուր այ­սօր Ուր­բաթ օր նա­խա­տե­սո­ւած են նա­խա­գահ ­Փա­փու­լիա­սի եւ վար­չա­պետ ­Սա­մա­րա­սի հետ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի հան­դի­պում­նե­րը:

Վեր­ջին օ­րե­րու լա­րո­ւած վի­ճա­կը մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, ինչ­պէս եւ հրկի­զում­նե­րը ու նոյ­նիսկ ա­հա­բեկ­չա­կան հա­րո­ւա­ծի սպառ­նա­լի­քը՝ տագ­նա­պի մատ­նած են ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը, որ դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած էր կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի այ­ցե­լու­թիւ­նը յե­տաձ­գե­լու մա­սին: ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սա­կայն մեր­ժած էր նման դի­մում: 

Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րը յայ­տա­րա­րած են թէ կ’ող­ջու­նեն ­Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի այ­ցե­լու­թիւ­նը Ա­թէնք, նպա­տակ ու­նե­նա­լով մեղ­մաց­նել լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ, որ ստեղ­ծո­ւած է թրքա­կան ­Պար­պա­րոս նա­ւու սահ­մա­նա­յին խախ­տում­նե­րէն եւ Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան խնդրա­յա­րոյց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետք: ­Յի­շեց­նենք, որ հա­զիւ «լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մեղ­մաց­նե­լու» գա­ղա­փա­րը յա­ռաջ քշուե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն կող­մէ, ­Տա­ւու­թօղ­լու նոր առ­կա­ծախնդ­րու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ, պա­հան­ջե­լով Թ­րա­կիոյ զգա­յուն շրջա­նը այ­ցե­լել, իր հետ տա­նե­լով 10 թուրք նա­խա­րար­ներ եւ տար­բեր բա­ժան­մունք­նե­րու պաշ­տօ­նեա­ներ: Այս պա­հանջ­քին ակն­յայտ պատ­ճառ­նե­րը շփո­թի մատ­նե­ցին հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան յանդգ­նու­թեան վերջ մը տա­լու նպա­տա­կով՝ մեր­ժեց նման շրջապ­տոյտ նե­րառ­նե­լու հար­ցը: Թր­քա­կան կող­մի սադ­րիչ վե­րա­բեր­մուն­քի ար­տա­յայ­տու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է դար­ձեալ այս պա­հանջ­քը,  ...«Թ­րա­կիոյ թուր­քե­րու» հար­ցե­րը լսե­լու փա­փա­քով:

Թուր­քիա ընդ­դի­մա­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան ձե­ւա­կեր­պում­նե­րուն, որ նպա­տակ ու­նէին ար­գի­լել ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի այ­ցե­լու­թիւ­նը Թ­րա­կիա, այ­սու­հան­դերձ ան կը պնդէ թէ անձ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կա­րե­լի է այ­ցե­լել Թ­րա­կիոյ շրջա­նը:
Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ ան­շուշտ որ թուրք պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ Թ­րա­կիոյ մահ­մե­տա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը կ­’այ­ցե­լեն, սա­կայն ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Թ­րա­կիա կ­’ու­զէ եր­թալ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուր­դի կէ­սէն ա­ւե­լին, խորհր­դանը­շա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­մէն տե­սա­կի հե­տե­ւում­նե­րով:  ­Պարզ է, թէ յու­նա­կան կող­մի շարք մը շար­ժում­ներ, -յատ­կա­պէս կրթու­թեան բնա­գա­ւառէն ներս- ան­հանգս­տու­թեան մատ­նած ու գրգռած են Ան­գա­րան, որ կը գի­տակ­ցի թէ նման կրթա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու պա­րա­գա­յին, փոք­րա­մաս­նու­թեան փոք­րիկ­նե­րը կա­րե­լիու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նան ա­շա­կեր­տե­լու յոյն պե­տա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն ներս: Ա­նոնց­մէ ա­մէ­նէն բա­ցա­յայտ օ­րի­նա­կը՝ ­Քու­րա­նի ու­սուց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւնն է յու­նա­կան պե­տա­կան դպրոց­նե­րէն ներս: