Շփոթ յառաջացուցած է Յունաստանի կառավարութեան մօտ Քոմիսիոնի որոշումը՝ բնական կազի ՏԵՍՖԱ ընկերութեան ցանցի վաճառքի «սառեցում»ը, Ատրպէյճանի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան: 

«Իմերիսիա» յունական թերթը եւ ընդհանրապէս հելլէն մամուլը կը նշեն թէ Եւրոպական վերահսկիչ եռեակը (թրոյքա) կÿամբաստանէ Յունաստանի կառավարութիւնը, թէ շարունակական ձգձգումներ տեղի կÿունենան սեփականաշնորհումներու ծրագրին մէջ: Այս գծով արդէն, անոնք յայտնած են թէ կ'ուզեն ստուգել, եթէ ՏԵՍՖԱ ընկերութեան վաճառքը ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐին՝ կատարուած է եւրոպական մրցակցութեան կանոններու եւ սահմանափակումներու պայմաններու հիմամբ: Անոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն թէ մրցակցութեան կանոններու խախտման դէպք կրնայ առաջնորդել շուկայի «փակման» եւ կտրուկ աճ արձանագրէ բնական կազի գիներուն վրայ, խստօրէն ծանրաբեռնելով սպառող քաղաքացիները:
Քոմիսիոնի որոշումը կը նշանակէ թէ՝ գէթ առայժմ, կը սառեցուի կամ նոյնիսկ օդ կ'ելլէ երկար ամիսներէ ի վեր եռանդոտ բանակցութիւններու լման թղթածրարը, որ պիտի յանգէր 188 միլիոն եւրօ գումարի փոխանցման Յունաստանին, ՏԵՍՖԱի 31%ի վաճառքէն:
Քոմիսիոն կը նախազգուշացնէ թէ խոր քննութեան պիտի ենթարկէ Ատրպէյճանի հետ համաձայնագրի լման թղթածրարի պայմանները, առանց որեւէ հաւաստիացում տալու՝ թէ ինչ կրնայ ըլլալ այդ քննութեան արդիւնքը, նշելով  թէ Եւրոպական Յանձնախումբը 90 աշխատանքային օրուայ պայմանաժամ ունի, մինչեւ 23 Մարտ, ամբողջացնելու համար իր հետազօտութիւնը: Նախնական քննութիւնը ցոյց տուած է թէ ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐ կրնայ նպատակ ունենալ հետագային փակել իր ցանցը, իրեն մրցակից նկատող ընկերութիւններու (կամ երկիրներու) դէմ, աւելի շահաւէտ ու խթանիչ գնահատելով այդ քայլը:
Մինչ այդ, լրիւ կը կասեցուի յունական ընկերութեան փոխամցումը՝ ազերիներուն: