Ռուս-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդումը պաշտօնապէս ամրագրուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ստորագրութեամբ որդեգրուած որոշումով, ուր նախատեսուած է 2016-ի հռչակումը որպէս «Ռուսաստանի տարի» Յունաստանի մէջ եւ փոխադարձաբար՝ «Յունաստանի տարի» Ռուսաստանի մէջ:
Ստորագրուած փաստաթուղթը հրապարակուեցաւ Քրեմլինէն եւ կը նախատեսէ նաեւ միացեալ խորհուրդի հաստատումը, որ պիտի համակարգէ մշակութային միջոցառումները եւ ընդհանուր գործունէութիւնը, ամրապնդելով յոյն-ռուսական յարաբերութիւնները: Ամէնէն հետաքրքրականը այն է թէ ֆինանսաւորումը պիտի կատարուի Ռուսաստանի Դաշնութեան պետական պիւտճէէն:
Նման բովանդակութեամբ առաջին պայմանագիրը կնքուած էր 2013ին, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ: Սերկէյ Լավրով եւ Էվանկելոս Վենիզէլոս համաձայնած էին, թէ «երկու երկիրներուն միջեւ ուժեղ, փոխ շահաւէտ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար, նպատակայարմար է իրականացնել մշակոյթի եւ արուեստի համատեղ ծրագրեր, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերական, ուժանիւթային, ֆինասներու, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան մարզերէն ներս համագործակցութիւններ»: Ծրագիրը կը ներառնէ կրթութեան, լեզուի ուսուցման, մշակութային ժառանգութեան, արուեստի, մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Զբօսաշրջութիւն
Ինչպէս ծանօթ է մի քանի տարիէ ի վեր թափ առած են ռուսերու զբօսաշրջական այցելութիւնները Յունաստան, մանաւանդ կղզիներէն ներս, ոչ միայն արձակուրդի շրջանի կեցութեամբ, այլ նաեւ բնակարաններու վաճառքով:
Ըստ ռուսական զբօսաշրջիկային գրասենեակներու պաշտօնական տուեալներուն՝ անցեալ տարի Յունաստան այցելեցին 1.388 միլիոն ռուսեր: Կրետէի մէջ ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը ամէնէն բազմամարդն էր: Այսուհանդերձ, յառաջիկայ տարուան համար նախատեսումները այնքան ալ փայլուն չեն: Կը գնահատուի թէ ընդհանուր քաղաքական իրավիճակի անկայունութեան պատճառով, զբօսաշրջիկութեան չափանիշի նուազում կրնայ արձանագրուիլ: Ուստի, կը նկատուի, թէ մշակութային եւ այլ նախաձեռնութիւններ կրնան իրենց օգտակար ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ այս մարզէն ներս: