Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՍԼՈՎԻԱՆՍՔ, Ուքրանիա, «Էյ.Փի.».- Հարուած մը հասցնելով արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ մէջ կեդրոնական իշխանութեանց դէմ ապստամբած մօտաւորապէս 10 քաղաքները իր հակակշիռին տակ առնելու Ուքրանիոյ ժամանակաւոր իշխանութեանց ջանքերուն եւ անոնց նախաձեռնած «հակաահաբեկչական» գործողութեան՝

ռուսամէտ ուժեր գրաւած են իրենց հակակշիռին տակ գտնուող Սլովիանսք քաղաքի մօտակայ Քրամաթորսք քաղաքը մուտք գործել փորձող վեց ուքրանական հրասայլեր՝ անոնց վրայ ռուսական դրօշակներ բարձրացնելով:

Ուքրանացի զինուորները ընդդիմութիւն չեն ցուցաբերած եւ անոնցմէ ոմանք յայտնած են, թէ որոշած են անցնիլ ռուսամէտ ուժերուն կողմը: Ռուսամէտ ուժերու բանբեր մը յայտնեց, թէ ուքրանացի զինուորներուն առիթ պիտի տրուի հեռանալու կամ միանալու տեղական զինեալ ուժերուն:
Քաղաքական գետնի վրայ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ: Մերքելի գրասենակը պարզապէս հաղորդած է, թէ նախագահն ու վարչապետը Ուքրանիոյ իրադարձութեանց շուրջ «տարբեր արժեւորումներ ունին»:
Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ Քիեւի կառավարութեան կողմէ ուժի օգտագործումը կրնայ ականահարել ուքրանական տագնապի լուծման համար Ժընեւի մէջ հանդիպումը: