Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռուսական ՄԻԿ ընկերութիւնը, պատրաստ է կառուցելու 5րդ սերունդի արհեստագիտութեամբ օժտուած ռազմական նոր սաւառնակ մը: Այս ծրագրի իրականացման համար հաւանական է ընտրել ՄԻԿ 35ի հիմամբ ծրագիր, ուր պիտի հաս- տատուի ելեկտրոնային սարքաւորումներու եւ զէնքերու լրիւ նոր համակարգ մը: 

ՄԻԿ-ի ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Քորոթքով յայտնեց թէ աշխատանքային նախագիծը արդէն սկսած է եւ փորձագէտները բաւական յառաջացացուցած են իրենց ծրագիրը: Կարեւոր է ապահովել ուսումնասիրու-թիւնը յաւելեալ զարգացնելու պատուէր մը, ըսաւ ան, միաժամանակ հերքելով թէ նման ծրագիր կրնայ հակամարտութեան ազդանշանը տալ ՄԻԿի եւ ՍՈՒԽՈՅ-ի միջեւ, որ ինք եւս նման ռազմական օդանաւ կառուցելու ծրագիր ունի: