Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայութիւնը սուրիահայերուն սատարելու կոչով բողոքի ցոյցեր կատարեց Սպիտակ տան դիմաց:

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին նախագահ Պարաք Օպամային՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու դադրեցնելու համար թիրախաւորուած ռմբակոծումները Հալէպի հայ բնակչութեան դէմ եւ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը հայ համայնքի զգալի հատուածին համար հայրենիք հանդիսացող սուրիական հիւսիսային քաղաքներու վերահաս ոչնչացման մասին: «Հալէպի բնակչութիւնը կը տառապի անողոք ռմբակոծումներու պատճառով, իսկ Նոր գիւղի հայկական համայնքը կը գտնուի թրքական կառավարութեան կողմէ օժանդակուող ժիհատական խումբերու յարձակումներու ամբողջ ծանրութեան տակ: Ժամանակն է, որ նախագահ Օպամա արագ ճնշումներ գործադրէ Թուրքիոյ վրայ՝ ստիպելով դադրեցնել այս դաժանութիւնները», հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Լիպարեան:
Բողոքի ցոյցերը շարունակութիւնն էին 12 Յունիսին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի նամակին՝ ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամային: Նամակին մէջ Խաչիկեան Սպիտակ տան յորդորած էր «հարկադրաբար միջամտել՝ օժանդակելու Հալէպի արիաբար մաքառող եւ անպաշտպան բնակչութեան»:
Ան նաեւ Օպամայէն պահանջած էր «եկող շաբթուան ընթացքին արտակարգ նիստի հրաւիրել ամերիկահայ համայնքի կրօնական, քաղաքացիական, բարեգործական ընկերութիւններու եւ համայնքային առաջնորդներուն հետ՝ քննարկելու Հալէպի փրկութեան գործողութիւններու ծրագիրը»: