Քեսապի մէջ բանակին կողքին՝ մուտք գործած են նաեւ ենթակառոյցներու վերականգնման խմբակները՝ վերանորոգելու համար ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերն ու խողովակները, առ ի նախապատրաստութիւն քեսապցիներու տունդարձին:
Հաղորդուեցաւ, որ զինեալ խմբակները իրենց հեռանալէն առաջ ամբողջութեամբ կողոպտած էին մեքենական արժէքաւոր սարքերը, մանաւանդ գիւղատնտեսական սարքերը:
Ինչպէս յայտնի դարձաւ, Քեսապի յատկապէս կեդրոնը վնասներ հասցուած են, այրուած ու կողոպտուած են խանութներ, տուներ, եկեցեցի։ Առ այժմ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ Իքիզոլուխը գրեթէ անվնաս է եւ այգիներուն վնաս չէ հասցուած։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Քեսապէն:
Ըստ հաղորդումներուն, Քեսապի կեդրոնին մէջ գտնուող, հայ աւետարանականներուն պատկանող մշակոյթի տունը մեծ վնասներ կրելէն ետք, այսօր փուլ եկած է եւ անոր տակ զինուոր մը զոհուած է:
Քեսապի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
Կողոպտուած Աղօթագիրքերը
Վաճառքի Դրուած Են
Kessab.net կայքէջը կը յայտնէ, թէ Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կողոպտուած հնատիպ աղօթագիրքեր, Ճաշոցի, Ս. Աւետարանի եւ Մաշտոցի ութ օրինակներ վերջերս ծախու դրուած են Լաթաքիոյ մէջ: Հայր Նարեկ Լուիզեան յաջողած է գնել հոգեւոր մատեանները՝ զանոնք ծախու դրած «վաճառականէն»:
Քեսապի մէջ աւերած են հայկական եկեղեցին
Քեսապի գրաւման սկզբնական օրերուն, հայկական բնակավայրը գրաւած զինեալները յատուկ տեսերիզներ սփռելով ցոյց կու տային, թէ հայկական եկեղեցիները ոչ մէկ վնասի կամ սրբապղծման արարքի ենթարկուած են եւ թէ անոնք կը գտնուին իրենց հոգածութեան ու խնամքին տակ...
Ահաւասիկ, Քեսապի ազատագրումէն ետք, սուրիական Ալ Իխպարիա Սուրիա հեռատեսիլի կայանէն սփռուած նկարներ, ուր ցոյց կը տրուի Քեսապի Ս. Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցին, որուն գմբէթներուն խաչերը ծռած են, իսկ եկեղեց- ւոյ ներսը աւերած ու նստարաններն ու կահոյքը քանդած են։ Ահաւասիկ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներու «հոգածութիւնը»...