Յունիս 15ին, սուրիական պետական Սանա լրատուական գործակալութիւնը յայտնեց, թէ Քեսապը ամբողջութեամբ ազատագրուած է, իսկ Թուրքիոյ հետ սահմանակէտը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ
Արաբական լրատուական աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ Reuters, AFP, Xinhua եւ այլ միջազգային լրատուական գործակալութիւններ անդրադարձան լուրին։
Սուրիական պետական հեռատեսիլը հաղորդեց, որ բանակի ականազերծման մասնագէտներու խումբ մը արդէն սկսած է Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած ականներու եւ այլ լարուած պայթուցիկ սարքերու չէզոքացման աշխատանքը։
Նշենք, որ սուրիական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները Քեսապի քաղաքակեդրոն մուտք գործեցին Յունիս 14ի երեկոյեան ժամը 9:30ին։
Shamtimes սուրիական անկախ լրատուական գործակալութիւնը եւ այլ լրատուական ցանցեր, յայտնեցին թէ նոյն օրուան ընթացքին Երկու Աղբիւրի եւ Քեսապի շրջակայ այլ ճակատներու վրայ պարտութիւն կրած նահանջող ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն դիմաց թրքական սահմանապահ ուժերը փակած են սահմանը։
Քեսապէն նահանջած են բոլոր
ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները
Սուրիական ընդդիմութեան պաշտօնական խօսափողը հանդիսացող Syrian Observatory for Human Rights տեղեկատուական գրասենեակը Յունիս 14ին յայտարարեց, որ Քեսապի ճակատէն հեռացած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն հակադրուող Սուրիոյ Ազատ բանակի զինեալները, ինչպէս նաեւ արմատական իսլամական Ժապհաթ Ալ Նուսրա, Ահրար Ալ Շամ, Հարաքաթ Շամ Ալ Իսլամ կազմակերպութիւններու զինեալ խմբաւորումները, որոնք նահանջած են դէպի Ժապալ Ալ Աքրատ։ Քեսապի շրջակայքը մնացած են փոքր թիւով Անսար Ալ Շամի զինեալներ եւ թուրքմէն զինեալներ։ Նոյն աղբիւրը յայտնեց նաեւ, թէ սուրիական օրինաւոր բանակի յառաջացող ստորաբաժանումներուն կողքին են լիբանանեան Հըզպալլահ կազմակերպութեան զինեալները։
Սուրիական ընդդիմութեան հեռատեսիլի Ալ Մաշրէք կայանը իր հաղորդումներուն մէջ նոյնպէս հաստատեց Քեսապը գրաւած զինեալներու նահանջը, յայտնելով, որ անոնցմէ շատեր չեն յաջողած անցնիլ Քեսապի թրքական սահմանակէտը, որովհետեւ այդ կէտը գրաւած են սուրիական բանակի ուժերը։
Հրաժարումներ
Ալ Մաշրէք նաեւ յայտնեց, թէ նոյն օրը, Սուրիոյ Ազատ բանակի զինուորական ատեաններէն եւ Ազատ բանակի ռազմական ճակատի հրամանատարներէն հրաժարած են 9 բարձրաստիճան հրամանատարներ։