Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ՝ Դոկտ. Փաւլօ Սէրժիօ Փինհէյրոյին։ Իր պատգամին մէջ Վեհափառը պահանջեց, որ Քէսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով։

Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. “երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու, այլ ողբերգութիւն մը պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին Թուրքիոյ կողմէ»։ 

Վեհափառը կ'առաջարկէ անհրաժեշտութեան պարագային իր ներ- կայացուցիչը ղրկել իր մօտ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու Քէսապի հարցին մա- սին։