Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իսրայէլի մէջ Ռուվեն Ռիվլինի նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու յատկապէս ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները ստացած են բազմաթիւ շնորհաւորանքներ:

Պատճառը այն է, որ Ռիվլին կը համարուի իսրայէլահայերու բարեկամ: Ան նաեւ տարբեր առիթներով կոչ ըրած է, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած հրեաները ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Ռիվլինի ընտրութիւնը բնականաբար անհանգստացուցած է Անգարան:
ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Ժորժէթա Աւագեան կը նշէ, որ համայնքի եւ յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակին հետ Ռիվլինի բարեկամութիւնը սկսած է աւելի քան տասնամեակ մը առաջ: «Հայ համայնքը երջանիկ է, որ Ռիվլին ընտրուած է նախագահ: Ան քանի մը անգամ Քնեսեթի մէջ (Իսրայէլի խորհրդարանը) ըսած է, թէ ամօ՛թ է, որ ցեղասպանութիւն ապրած հրեայ ժողովուրդը չի ճանչնար 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Այժմ յոյս ունինք, որ Իսրայէլի մէջ կը սկսի Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նոր հանգրուան մը, որ կ՛աւարտի արդարութեան յաղթանակով, եւ պատճառը ոչ թէ այն է, որ Ռիվլին հայամէտ է, ո՛չ: Ան քաղաքակիրթ եւ մարդկային բարձր արժէքներ կրող անձնաւորութիւն է», կ՛ըսէ Աւագեան, աւելցնելով, որ Հայ Դատի ներկայացուցիչները մտադիր են հանդիպում մը ունենալու նորընտիր նախագահին հետ՝ քննելու համար ապագայ քայլերը: