Հիւսիսային Իրաքի քիւրտերը յայտարարեցին թէ ամբողջովին իրենց տիրապետութեան տակ առած են Քիրքուքը, ճիհատիստական ISILի յառաջխաղացքի ու իրաքեան բանակի նահանջի հետեւանքով:
Հիւսիսային Իրաքի ապահովական ուժերու (Փեշմերկա) ներկայացուցիչ մը, Ռոյթըրզի խօսելով՝ յայտնեց թէ իրաքեան բանակը լրիւ լքած է շրջանը:
Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալները քառօրեայ բախումներէ ետք գրաւեցին Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Մուսուլը: Նինուէի նահանգապետը հաստատեց, որ իրաքեան բանակը հեռացած է քաղաքէն, որ անցած է ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:
ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւեցին քաղաքին քաղաքային օդակայանը, նահանգապետարանը եւ ոստիկանութեան «Գահիրէ» կեդրոնը, զոր հրկիզեցին: Անոնք նաեւ կողոպտեցին քաղաքի դրամատուները:
ՏԱՀԵՇ նաեւ յաջողած է ազատ արձակել իր զինեալները, որոնք բանտարկուած էին Մուսուլի տարբեր բանտերուն մէջ: Իրաքեան կառավարական ուժերն ու քրտական Փեշմերկաները կը շարունակեն կռուիլ զինեալներուն դէմ:
Նինուէ նահանգին եւ Մուսուլ քաղաքին կից Քիրքուք, Սալահէտտին եւ Անպար նահանգներուն մէջ ապահովական ուժեր առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ներթափանցումը կանխարգիլելու համար:
Մուսուլի գրաւումէն ետք իրաքեան կառավարութիւնը երկրին մէջ ընդհանուր զօրակոչ եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր կազմ ու պատրաստ վիճակ յայտարարեց:
Պարզանի կոչ ուղղեց իրաքեան բանակին օժանդակելու: Նշենք, որ Թալապանիի եւ Պարզանիի կուսակցութիւնները ամբողջութեամբ դատարկեցին Մուսուլի նահանգապետարանի շէնքին մէջ գտնուող իրենց կեդրոնները՝ մեկնելով այն մտավախութենէն, որ անոնք Թոզխարմաթոյի Տոմօ քաղաքին մէջ անցնող երկու օրերուն տեղի ունեցածին նման ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յարձակումներու թիրախ կը դառնան:
Իր կարգին Անգարա, դիտել տուաւ թէ Իրաքի դէմ զինուորական գործողութիւններ պիտի չկատարէ, Մոսուլի մէջ 80 թուրք պաշտօնատարներու առեւանգման հարցէն ետք: Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը կառավարութեան արտօնութիւն տուած էր զինուորական գործողութիւններ ձեռնարկելու հիսիսային Իրաքի ՓՔՔի զինեալներուն դէմ: Այս արտօնութեան ժամկէտը մինչեւ Հոկտեմբեր է:
-----------------------
Առեւանգուած թուրքերէն 28 հոգի ազատ կ'արձակուի,
ապա դարձեալ պատանդ կը վերցուի այլ խմբաւորումէ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բեռնափոխադրողներու միջազգային ընկերակցութեան տնօրէններու խորհուրդի ղեկավար Ֆաթիհ Շեներ յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ ազատ արձակած է 10 Յունիսին առեւանգուած 28 թուրք վարորդները, սակայն ազատ արձակուելէ կարճ ժամանակ ետք անոնք առեւանգուած են ծայրայեղական այլ խմբաւորումներու կողմէ:
Ըստ որոշ տուեալներու, վարորդներու ազատ արձակման համար ծայրայեղականները կը պահանջեն քանի մը միլիոն տոլար: Վարորդներէն մէկը յաջողած է հեռաձայնել իր հարազատներուն: Ան ըսած է, որ ծայրայեղականները զիրենք չեն չարչարեր, եւ առեւանգուած վարորդները բոլորն ալ ողջ-առողջ են:
-----------------------
«Ճիհատիստներու պետութի՞ւն»՝ Տիգրիսի եւ Եփրատի միջեւ
Իրաքի Ֆալուճան գրաւելէ ամիսներ ետք, Մոսուլն ու Դիկրիտը անցան ճիհատիստներու տիրապետութեան տակ: Միջազգային մամուլը քննարկելով ստեղծուած կացութիւնը, հարց կուտայ թէ արդեօ՞ք «Սուրիոյ եւ Իրաքի իսլամական պետութեան մը ստեղծման մօտ կը գտնուինք»...
Պաղտատը անօգնական վիճակի մատնուած կը թուի ըլլալ եւ ծանր կը վճարէ վարչապետ Մալիքի պառակտիչ վերաբերումի գինը:
Երկրի ապակայանուցման ցայտուն օրինակ կը հանդիսանայ՝ երկիրը արտակարգ վիճակի մէջ յայտարարելու վարչապետ Մալիքի կոչը, որ չվաւերացուեցաւ երկրի խորհրդարանին կողմէ: