Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հրթիռակոծումը նուազած է,  բայց կեանքը կը մնայ տագնապալի

Ջուրի համատարած դադրեցումը կը շարունակուի, միայն կարգ մը տեղեր որոշ ժամերու կը միացնեն, բայց քաղաքի մեծ մասը ջուր չունի,

այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեց Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան` աւելցնելով, որ «երէկ գիշեր զօրաւոր մարտեր ընթացան օդուժի բաժինին մօտ, անոնք կրկին ինքնաշարժ մը պայթեցնելով յարձակիլ փորձեցին եւ չյաջողեցան»։