Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՔԱՊՈՒԼ
Աֆղանիստանի Քանտահար քաղաքի համալսարանի աւելի քան 35 դասախօսներ առեւանգուած են:

Քապուլ ուղեւորուող հանրակառքը կանգնեցուցած են անծանօթ զինեալներ, որոնք առեւանգած են դասախօսները:
Տեղական իշխանութիւններու փոխանցմամբ, ղեկավարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ «Թա- լիպան» շարժման հետ, գերիները ազատ արձա- կելու կապակցութեամբ:

ՂՐԻՄ
Ռուսաստանի անձնագիր ստանալու համար Ղրիմի շուրջ մէկուկէս միլիոն բնակիչներ՝ դիմումներ ներկայացուցած են: Աւելի քան մէկ միլիոն անձնագիր արդէն պատրաստուած է, որոնցմէ 800ը յանձնուած է Ղրիմի բնակիչներուն: