Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դրախտի ճամբան գիտէ՞ք

Կիրակի Մայիս 4-ին, Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբը բեմ բարձրացուց Նաթաշա Թաւուգճեանի՝ «Դրախտին Ճամբան Գիտէ՞ք…» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ նոյնինքն՝ Նաթաշա Թաւուգճեանի։

Նիկոսիոյ «Փալաս» հանդիսասրահը բեմադրութեան սկզբնաւորութեան ժամէն շատ առաջ բերնէ-բերան լեցուած էր, աւելի քան 450 հանդիսատեսներով։
Ամիսներու վրայ երկարող տքնաջան փորձերէ ետք, ժամանակը եկած էր, կիպրահայ համայնքի անդամներուն հրամցնելու վերջնական արդիւնքը։ Բեմադրիչը օգտագործած էր կիպրահայ համայնքի սիրողական դերասաններու փաղանգէն ամենակարող եւ ամենափորձառու դերակատարները, անոնց կարողութիւններուն եւ փորձառութեան վրայ աւելցնելով նորածիլ տաղանդներ, որոնք խոստմնալից տարրեր են համայնքի՝ ապագայ թատերական կեանքին համար։
Այս բիեսը, հեղինակի երկրորդ փորձն էր թատրերգական ճիւղէն ներս: Առաջինը՝ “Կէս Հայ In L.A.”, սփիւռքի հայկական գաղութներու առօրեայ կեանքէն առնուած ծիծաղաշարժ թատերակ մըն էր, որ “Դիմակ” թատերախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ երեք տարի առաջ:
Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր կոչումին, ինչպէս նաեւ իր գոյութեան իմաստին՝ պահպանելու եւ քաջալերելու հայ մշակոյթը, անգամ մը եւս յաջողեցաւ, 15-րդ տարին ըլլալով, բեմադրել հայկական բիես մը։ Ձեռնարկ մը, որ առանձնաշնորհում պէտք է նկատուի, որեւէ հայկական համայնքի համար։
Ներկայացումէն առաջ, խօսելով իր նոր թատերախաղին մասին, Նաթաշա Թաւուգճեան ըսաւ. «Բնականաբար, առաջինին յաջողութենէն ետք, քիչ մը մտահոգ եմ, թէ այս մէկը ինչպէ՞ս պիտի ընկալուի։ Բաւական ճնշում կայ վրաս, սակայն միշտ ճնշումի տակ աշխատած եմ եւ այդ մէկը ինծի համար մղիչ ուժ մըն է»։
Կատակերգութիւնը փորձ կը կատարէ զուարթախոհութեան եւ կատակաբանութեան սահմաններէն ներս, անդրադառնալ սփիւռքի գաղութներէն ներս իրար հանդէպ դրսեւորուող, քաղաքական անհանդուրժողութեան, մինչեւ որ…հասարակաց թշնամին մեզի քով-քովի բերէ։
Ներկաները ըմբոշխնեցին հիանալի բեմադրութիւն մը, առատ խնդուք պատճառելով բոլորին։ Բեմադրութիւն մը, որ արդիւնքն էր մեծ թիւով մասնակցիներու ժրաջան աշխատանքին. - վարչութիւն, բեմադրիչ, դերակատարներ, բեմի յարդարումի, երաժշտութեան եւ զգեստներու պատասխանատուներ եւ հովանաւորողներ։ Նախաձեռնութիւն մը, որ անպայման պէտք է քաջալերուի բոլորին կողմէ, որպէսզի ան կարենայ յարատեւել եւ դառնալ պարծանքն ու հպարտութիւնը մեր փոքր համայնքին։

Վահան Այնէճեան


------------------

«ՍԻՓԱՆ» ԵՒ «ՆԱՆՕՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Մայիս 10-ի երեկոյեան, Ստրովոլոսի Քաղաքապետարանի հանդիսասրահը ծայրէ ի ծայր լեցուած էր 850 հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին վայելելու հայկական պարարուեստի երեկոյ մը, հրամցուած Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի կողմէ, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր, վերջին 15 տարիներուն, ամէն տարի առանց բացառութեան, կիպրահայ եւ Կիպրոսի հանրութեան կը ներկայացնէ պարերու բացառիկ ելոյթներ։ Ձեռնարկը կը վայելէր Կիպրոսի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարար Կոստաս Կատիսի, ինչպէս նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը։
Բարի գալուստի խօսքով, առաջին բեմ բարձրացաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շուշիկ Պաքալեան։ Յաջորդեց Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարար Կոստաս Կատիսի խօսքը։ Ան մեծապէս գնահատեց Համազգայինի ներդրումը, տարածելու եւ տեղացի հանրութեան ծանօթացնելու հայկական պարարուեստը եւ ընդհանրապէս՝ մշակոյթը։
Ամիսներու տքնաջան աշխատանքէ եւ հայրենիքէն յատկապէս հրաւիրուած պարուսոյց՝ Պետրոս Ղարիպեանի գեղարուեստական ղեկավարութեան տակ ընթացող բազմաթիւ փորձերէ ետք, Համազգայինի «Սիփան» եւ պատանեկան «Նանօր» պարախումբերը 80-է աւելի անդամներով բեմ բարձրացան։
Ներկաները ըմբոշխնեցին մէկը միւսին յաջորդող եւ ամբողջացնող պարերու շարք մը, որ կ՛ընդգրկէր զանազան տեսակի պարեր. «Մարտական Պար», «Կատակ Պար», «Կիպրական Պար», «Խաղ Պար», ինչպէս նաեւ աւանդական՝ «Եարխուշտա» եւ «Քոչարի» պարերը։ Ապրիլեան Եղեռնի 100-ամեակի նախօրեակին, բեմադրուեցաւ նաեւ ներկայացում մը, ձօնուած Հայոց Ցեղասպանութեան, «Սիփան» եւ «Նանօր» պարախումբերու մասնակցութեամբ։

ԱՐՁԱԳԱՆԳ (ԿԻՊՐՈՍ)

------------------------

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 90-ամեակի տօնակատարութեան շքեղ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 31-ին, Նիկոսիոյ Նարեկ Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։
Ձեռնարկը կազմակերպած էր ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն, գործակցութեամբ իր ուղղեկից միութիւններուն՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ին, Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղին եւ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղին։
Ներկայ էին Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, ինչպէս նաեւ համայնքի եկեղեցական, կրթական եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ 200-է աւելի ազգայիններ։
Ազգային օրհներգի յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ընկհ. Վարդենի Կոստանեան: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի պարերով, ՀՅԴ «Արցախ» Պատանեկան Միութեան անդամներու երգերով, եւ արտասանութիւններով:
Օրուայ բանախօսն էր ՀՄԸՄ-Հայ Երիտասարդաց Միութեան, ու նաեւ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գազանճեան, որ պատշաճ կերպով փոխանցեց օրուայ պատգամը, Մայիս 28-ի պատմական իրականութիւնը շաղկապելով հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ հրամայականներուն հետ։
Ընկ. Յակոբ Գազանճեան իր բանախօսութիւնը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Մենք հաւատարիմ մեր արմատներուն, մեր պատմութեան եւ աւանդութեան՝ մտքի, հաւատքի եւ գաղափարի ներգործութեամբ պիտի յառաջանանք, մէկդի դնելով պանդխտութեան ցուպը, եւ երբ շեփորը հնչէ՝ մտիկ պիտի ընենք հայրենի կոչին, հերոսի կանչին, Արարատի աղաղակին ու առանց տատամսելու բացականչենք «Քելէ լաօ, էրթանք մեր երկիր»:
Վարուժան Արքեպիսկոպոսի պահպանիչով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը, որու յաջորդեց աւանդական ճաշկերոյթ-խրախճանք ակումբին մէջ։