Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

80 թուրք պաշտօնատարներ առեւանգուած են

Տեղահանուածներու մեծ ալիքը կը փորձէ հեռանալ Մոսուլէն, Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքէն, օգտագործելով որեւէ փոխադրամիջոց:

Արագընթաց զարգացումները հետեւանքն են Ամերիկայի կողմէ Իրաքի երկարատեւ գրաւման, որ ըստ էութեան, ոչ միայն չի կասեցուց Թալիպաններու եւ «Ալ Քայտա»ի ուժերու գործունէութիւնը, այլ ընդհակառակը՝ ուժեղացուց ծայրայեղականներու պայքարը, թոյլ տալով որ անոնք իրենց շարքերէն ներս հաւաքագրեն հազարաւոր երիտասարդներ՝ «յարձակողին դէմ ընդդիմանալու» պատճառաբանութեամբ: Այս քաղաքականութեան հետեւանքները յայտնի են ներկայիս: Իրաքի բանակը կը նահանջէ, իր ետին թողելով զէնքեր ու ռազմական սարքաւորումներ, մինչ ծայրայեղականներու ուժերը կը յառաջանան երկրի հիւսիսային շրջաններէն ներս, ինչպէս Թիկրիտը, որ Պաղտատէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Մոսուլի մէջ վիճակը քաոսային է: Փողոցներուն մէջ մարտեր տեղի կ'ունենան: Զինեալներ առեւանգած են շուրջ 80 թուրք պաշտօնատարներ, Մոսուլի թրքական դեսպանատան դէմ յարձակում գործելէ ետք: