Լիբանանեան Ալ Մայատին հեռատեսիլի կայանին համաձայն, վերջին երկու օրերու ընթացքին, սուրիական բանակը կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրած է Լաթաքիոյ մէջ գտնուող Սալմայի եւ Քեսապի ճակատներուն վրայ:
Ըստ Ալ Մայատինի հաղորդած լրատուութեան Սալմայի շուրջ բանակը իր հակակշռին տակ առած է շարք մը բարձունքներ, իսկ Քեսապի ճակատին վրայ երկրորդ օրը ըլլալով բուռն մարտեր տեղի կ'ունենան յատկապէս Գարատուրանի եւ Չալմայի բարձունքներուն շրջակայքը, ուր բանակը որոշ կէտեր իր հսկողութեան տակ առած է: