Իրաքի Պասրա քաղաքի համայնքը
պատրաստ է ընդունելու տեղահանուած
Մուսուլի հայութիւնը
Յունիս 10ին «Ազդակ»ի խմբագրութեան հետ կապ հաստատած էր Իրաքի Ազգային Իշխանութեանց պատասխանատուներէն Պարոյր Յակոբեանը ու փոխանցած, թէ Մոսուլի շրջանը գրաւուած է հակակառավարական ուժերու կողմէ, որուն իբրեւ հետեւանք շրջանի ազգաբնակչութիւնը, որոնց շարքին 65 հայ ընտանիքներ եւ ծխատէր քահանան, հեռացած են շրջանէն:
Պարոյր Յակոբեան հաստատած է թէ մարդկային կորուստներ չկան:
Խապար Արմանի լրատուամիջոցը կը յայտնէ, թէ Իրաքի Պասրա քաղաքի հայ համայնքը պատրաստ է ընդունելու մէկ օր առաջ քաղաքէն տեղահանուած Մուսուլի հայութիւնը։ Ինչպէս յայտնի դրրձաւ Յունիս 9-10 Իսլամական արմատական ՏԱՀԵՇ կազմակերպութիւնը տիրեց Մուսուլին, որուն պատճառով տեղւոյն փոքր հայ համայնքը գաղթի դիմեց։
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Պասրայի համայնքը կը յայտնէ, թէ տեղւոյն եկեղեցին եւ համայնքը ամբողջական նեցուկով Մուսուլի գաղթական հայերու կողքին են: