Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Շաբաթ, 7 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան մօտ ժամը 7:00-ին, Սիւլէյմանիէ շրջանը հրթիռի մը թիրախ դարձած է:

Աշխուժ եռուզեռ ունեցող Սիւլէյմանիէի մայր փողոցի քառուղիին վրայ գտնուող Զինւորական քաղաքական (երկրորդ գրասենեակ) կեդրոնին մօտ հրթիռ մը ինկած է եւ պայթած: Հրթիռարձակումին պատճառով զոհուած է 1982-ի ծնունդ Կարօ Աստուրեան:

Արձանագրուած են նաեւ վիրաւորներ, որոնց կարգին նաեւ հայեր՝ Պայծիկ Մելքոնեան-Չերչեան եւ Յակոբ Սեմերճեան:
Կարօ Աստուրեան անդամ էր ՀՄԸՄ-ի եւ մաս կը կազմէր շեփորախումբին՝ իբրեւ նուագող, ապա՝ պատասխանատու:
Կարօ Աստուրեանի թաղմանական կարգը տեղի ունեցած է Կիրակի, 8 Յունիսին, Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:


Ջուրը Սիւլէյմանիէ Շրջանի Բնակիչներուն Համար
Ազգային Կիւլպենկեան Վարժարանէն Կը Մատակարարուի
Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել կենցաղային դժուարութիւններ, որոնց շարքին՝ ջուրի տագնապը:
Չորս օրէ ի վեր Հալէպի մէջ ջուրի անջատումին պատճառով հերթաբար, ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ: Պետական ծառայողական կողմեր՝ իբրեւ ժամանակաւոր լուծում, ջուրի մատակարարում կը կատարեն քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ:
Քաղաքի տարբեր կառոյցներու, որոնց կարգին՝ հայկական ակումբներու եւ կեդրոններու մէջ եւս կը շարունակուի ջուրի մատակարարման ծառայութիւնը:
Ըստ «Բերիոյ նիուզ»-ին, յատկապէս Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութեան հովանաւորութեամբ ջրամատակարարում տեղի կ՛ունենայ Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանէն: