![]()
Վատիկան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազաններուն, յաջորդաբար այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ սիրալիր հանդիպումներ ունեցաւ դեսպաններուն հետ։
Լիբանանի դեսպանը, Զօր. Ժորժ Խուրի, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը Վատիկանէն ներս յիշեց իր առաջին այցելութիւնը վեց տարիներ առաջ Պենետիքթոս Պապին։ Ան ըսաւ, որ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի համար այս այցելութիւնը խիստ կարեւոր է, նկատի ունենալով Պապին ու Վատիկանի ամբողջական զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս Լիբանանի։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ շուտափոյթ Նախագահական ընտրութիւն կատարելու կենսական կարեւորութիւնը։
Հայաստանի դեսպանատան մէջ դեսպան Միքայէլ Մինասեան ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, անոր փոխանցելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մաղթանքները։ Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով ըսաւ, թէ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ըլլալ կը նշանակէ հայկական հողի վրայ ըլլալ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի հետզհետէ ծաւալող դիւանագիտական յարաբերութիւններուն գծով ու ողջունեց երիտասարդ դիւանագէտներու ներկայութիւնը արտաքին յարաբերութեանց բնագաւառէն ներս։ Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց դեսպաններու կարեւոր դերը այդ գծով, ըսելով որ 100-ամեակը միայն մեր ժողովուրդին համար յիշելու առիթ մը պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ՝ յիշեցնելու մեր շրջապատին հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները ու այդ իրաւունքներուն վերատիրանալու մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը։
Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպումներ ունեցաւ պետական քարտուղար կարտինալ Բարոլինին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, եւ գնահատեց Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը։
Բարոլին կարտինալը Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը բաժնելով յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայ կացութեան գծով, ըսաւ որ այս հարցը կը մնայ Վատիկանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Կարտինալը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին ու անոր արդար պահանջատիրութեան։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Սանտրիին։ Մօտէն ծանօթ ըլլալով Կարտինալին, Վեհափառ Հայրապետը անոր հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն ու յատկապէս Լիբանանի մասին։ Շեշտուեցաւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, որուն նախագահներէն մէկն է Վեհափառ Հայրապետը: