Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հալէպի հայութիւնը ծանրագոյն օրեր կը դիմագրաւէ: Աղէտի ու կործանումի աղաղակներ կը լսուին այդ երբեմնի շէն քաղաքէն:

Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք այդ աղաղակները, որոնք, վստահ ենք, պիտի շարժեն բոլորս՝ իւրաքանչիւրս մղելով գործնապէս սատարելու մեր ազգակիցներուն, անոնց ապահովութեան ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ բոլոր կարելիութիւնները ստեղծելով:
Հալէպահայութեան հոգեվիճակը լաւագոյնս ըմբռնելու համար, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլապոշեան-Պօղիկեանի պոռթկումը.
«Ո՞ւր էք… Ո՞ւր:
«Աննկարագրելի էր անցնող օրերուն Նոր Գիւղի աղէտը: Բարբարոսներու անմարդկային արարքներուն հետեւանքով քանդուեցան հայ ընտանիքներուն տուները, լրջօրէն վնասուեցաւ ՍՕԽի՝ բարեսիրական ու մարդասիրական հաստատութեան ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ տագնապի ամբողջ երեք տարիներուն ընթացքին օժանդակութեանց կեդրոնի, ընտանեկան երդիքի դեր կը խաղար հայ կեանքին մէջ, տակաւի՛ն, վնասուեցան եկեղեցի, դպրոց, հայկական համալիրներ… մարդիկ ժամերու ու վայրկեաններու մէջ կորսնցուցին իրենց ընտանեկան բոյնը: Այս բարբարոսութիւնը լուր պէտք չէ անցնի, ո՞ւր էք հայկական լրատուամիջոցներ, ո՞ւր են ձեր դատապարտման կոչերը… միայն տեղեկատուութիւն փոխանցել ու անցնի՞լ է մեր պարտականութիւնը… յարգանք Ակումբի նուիրեալ տղոց, որոնք անտեսելով իրենց կեանքի ապահովութիւնը՝ փութացին օգնելու, ամոքելու, բուժելու, գէթ փրկելու կեանքը Նոր Գիւղի բնակիչներուն…
Անմարդկային այս արարքները լուսարձակի տակ բերել է պէտք, որովհետեւ անոնք ո՛չ պայքարի, ո՛չ յեղափոխութեան եւ ոչ ալ վարչակարգ տապալելու ուղղուած քայլեր են՝ այլ ատելութեան ու ոճրային տրամաբանութեան դրսեւորում: Այստեղ ոչ գաղափարական տարակարծութեան տրամաբանութիւն կայ, ոչ երկիրը ժողովրդավար դարձնելու նախանձախնդրութիւն, ոչ ալ յեղափոխականի բարոյական նկարագիր: Պարզապէս՝ ահաբեկչական տրամաբանութիւն…»
Ո՞ւր ենք, իսկապէս: