Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Յունիս 3ին ընդունած է իր վճռաբեկ ատեանին՝ Մեծ պալատին, մօտ քննել Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Մարտ 17ին ներկայացուած դիմումը՝ թուրք ազգայնամոլ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ Դեկտեմբեր 17, 2013ի վճիռը բեկանելու մասին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք, Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, 2005ին, դիտաւորեալ ելոյթներ ունեցած էր՝ պնդելով, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» մըն է: Ան դատապարտուած էր Զուիցերիոյ մէջ, սակայն վճիռը բեկանելու համար դիմած էր Եւրոպական ատեան, ուրկէ իրեն ի նպաստ վճիռ մը ապահոված էր: