Երէկ, Վատիկանի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերուն մէջ կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներուն մասին:
Վեհափառ հայրապետը անմիջապէս հեռաձայնային կապեր հաստատեց Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ օտար միջնորդութիւններու ճամբով ընդդիմադիր շրջա- նակներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի կարելի բոլոր միջոցներով առաջքը առնուին դէպի հայահոծ շրջաններ կատարուող ռմբակոծումներուն: Յայտնենք, որ ահաւոր ռմբակոծումներուն պատճառով հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ, հա- մայնքային հաստատութիւններ, մեծ թիւով բնակարաններ ու թաղամասեր ենթարկուած են լուրջ վնասներու, կան զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Այս օրերուն վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան: Այսօր առաւօտ, վեհափառը հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ եւ բնականաբար, յատուկ կերպով պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքին, մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապին ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, եւ այս ուղղութեամբ պիտի խնդրէ նաեւ պապին միջամտութիւնը: