«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ թէ Լիոնի 2րդ թաղամասի Անթոնէն Փոնսէ հրպարակին վրայ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը զուրկ է նուազագոյն յարգանքէ:
Ան դարձած է հնավաճառներու պարբերական շուկաներու «դրախտավայրը»: Մայիս 24ին հոն դարձեալ կազմակերպուած էր նման շուկայ մը:
2006 Ապրիլ 24ին, յուշարձանին բացումէն առաջ, արդէն անոր յուշաքարերուն վրայ արձանագրուած էին ժխտողական եւ հակահայ արտայայտութիւններ, ինչպէս «Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած», «Երանի՜ անոր որ «Թուրք եմ» կ'ըսէ», նաեւ այլ հայհոյալից նախադասութիւններ: Իսկ ներկայիս, նման առիթներով, յուշարձանը կը պղծուի ծրարներէ դուրս թափած հագուստեղէններով, կօշիկներով, պարապ ծրարներու կոյտերով, տաղաւարներով: Այսօր, նոր ձեւով, նոր գործելակերպով կ'անարգուի Հայոց յիշողութիւնը: