Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ-ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ՝ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ հայկական գիտական-ակադեմական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ե՛ւ Հայաստանի մէջ, եւ՛ անկէ դուրս, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, իւրաքանչիւրը իր կարգին կը նշէ հայութեան կենսագրութեան մաս կազմած, ամէնէն անհանդուրժելի, ընդհանրապէս երկրագունդի մարդկութեան ահազանգող այս տարելիցը:

Գիտական այդ համաժողովները կ՛ընդգրկեն տարբեր նիւթեր՝ թէ՛ անմիջական Ցեղասպանութեան վերաբերող եւ թէ պատմութեան ու գրականութեան, գիտութեան, բժշկութեան, հոգեբանութեան տեսանկիւններէն դիտուած՝ բազմաբնոյթ թեմաներով, գիտութեան, գրականութեան, պատմութեան, հասարակագիտութեան գիտական տարբեր աստիճաններու մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս այս կարեւոր իրադարձութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ ակադեմական աշխարհին մէջ ճանաչում ձեռք բերած, Ֆրանսայի «Արարատ» միջազգային գիտութիւններու ակադեմիան:
«Արարատ» միջազգային գիտութիւններու ակադեմիան, որ հիմնուած է 1999ին, Փարիզի մէջ, եւ որ կը վայելէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի բարձրագոյն հովանաւորութիւնը, գիտական լուրջ համաժողովներով կը նպաստէ ո՛չ միայն գիտութեան զարգացման, այլ նաեւ հայ եւ օտար գիտական հանրաճանաչ մասնագէտներուն կարելիութիւն կու տայ ճանչնալու, կապ հաստատելու, փորձառութիւններ փոխանակելու եւ իրարու օժանդակելու:
Ակադեմիոյ նախագահ դոկտ. փրոֆ. Յակոբ Գրքաշարեանի լուրջ գործունէութեան եւ ջանքերուն շնորհիւ ակադեմիան ճանչցուած եւ ընդունուած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու գիտական ակադեմական հաստատութիւններու կողմէ: Համաշխարհային ճանաչում ունեցող ակադեմիկոսներ եւ գիտնականներ կը հանդիսանան անոր պատուաւոր անդամները եւ համաժողովին մասնակցողները:
23-25 Հոկտեմբեր 2014ին, ակադեմիան իր 6րդ համաժողովը պիտի գումարէ Երուսաղէմի մէջ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս անիկա պիտի ըլլայ գիտական բարձր մակարդակի համաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր երկիրներէ գիտական նշանաւոր անձնաւորութիւններ՝ դոկտ. փրոֆ. Էտկար Սուլիէն, փրոֆ. Ժերար Պոսիէն, դոկտ. Սիլվիա եւ Աստղիկ Թօփուզխանեաններ, դոկտ. Արի Թօփուզխանեան՝ Ֆրանսայէն, դոկտ. փրոֆ. Գրիգորի Օսիպով, դոկտ. փրոֆ. Ռաֆայէլ Մելիք Օհանջանեան՝ Ռուսիայէն, դոկտ. փրոֆ. Շիգերու Կատագիրին եւ դոկտ. փրոֆ. Անտզեճ Սիչոքի՝ Ճափոնէն, դոկտ. փրոֆ. Երկի Օճա՝ Ֆինլանտայէն, փրոֆ. Ծովինար Չալոյեան, փրոֆ. Էլվիրա Խաչատուրեան, Ժան Յակոբեան՝ Երեւանէն, դոկտ. փրոֆ. Լարս Հանսըն Դանիայէն, դոկտ. փրոֆ. Բ. Ռիպաս-Օզօնաս՝ Մատրիտէն, դոկտ. փրոֆ. Մարք Վան Հուլլէ՝ Պելճիքայէն, դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, Պարէտ Մարոնեան՝ Միացեալ Նահանգներէն, եւ այլ: