Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ճեն Փսաքի արտայայտուած է Հայաստանի հասցէին Ատրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած սպառնալիքներուն մասին:
Ըստ իրեն՝ Իլհամ Ալիեւի բորբոքուած հռետորաբանութիւնն ու յայտարարութիւնները անտեղի կերպով լարուածութիւնը կը սրեն տարածաշրջանին մէջ՝ վնաս հասցնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Պատասխանելով Իլհամ Ալիեւի կողմէ կատարուած եւ Հայաստանին «մութ ապագայ» խոստացող յայտարարութեան՝ Փսաքի ըսած է. «Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ, կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու կողմերուն, որպէսզի անոնք ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ կարգաւորման հասնին: Համանախագահ երկիրներու նախագահներու եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդներու 2009-2013 թուականներու յայտարարութիւններուն մէջ բազմիցս ըսուած է, որ խաղաղ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ՄԱԿի կանոնադրութեան ու Հելսինքիի եզրափակիչ յայտարարութեան, մասնաւորապէս՝ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան ու ազգերու ինքնորոշման վրայ: Մենք կոչ կ՛ընենք կողմերուն կրկնապատկել ջանքերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ կեդրոնանալ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն խաղաղութիւն ապահովող ջանքերուն վրայ»:
Ալիեւ եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարիներէ ի վեր պատերազմով կը սպառնան Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին: Ռազմատենչ յայտարարութիւններուն զուգահեռ, ատրպէյճանական բանակը շարունակաբար կը խախտէ հրադադարը՝ Արցախի զինուորական ուժերուն հետ շփման գիծին եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ, գնդակոծելով ոչ միայն մարտական դիրքեր, այլեւ՝ սահմանամերձ գիւղեր: