Հալէպի Լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ թէ անցնող երկու օրերուն ընթացքին ահազանգային վիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ: Կիրակի 1 Յունիսին, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամերը, Հալէպի տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, հրթիռներու եւ կազէ շիշերէ պատրաստուած հրասանդներու տեղացումը շարունակուեցաւ:
Պայթած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուած են հայ զոհեր ու վիրաւորներ: Վնասուած են շրջանի հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները, ակումբն ու անստոյգ թիւով բնակարանները, գործատեղիներ:
Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի տուեալներով՝ զոհուածներն են՝ Միսաք Պարգեւի Բոշգեզենեանը եւ Ռահել Դաւիթեանը:
Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռներէն մէկուն պատճառով վիրաւորուեցան Զարեհ Քահքէճեանը, Յարութ Իսկէնեանը, Ստփան Արուշեանն ու Զարեհ Ղազարեանը: Վիրաւորներուն վիճակը կայուն է եւ մտահոգիչ չէ:
Նոր Գիւղի հայութեան կոչ կÿուղղուի տուներէն դուրս գալ միայն ծայր աստիճան անհրաժեշտութեան պարագային եւ հեռու մնալ պատշգամներէ ու պատուհաններէ: