Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրը նշուեցաւ Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնին մէջ
Մայիս 28-ը համայն հայութեան համար յաղթանակ ու անկախութիւն խորհրդանշող օր է: Այդ օրը Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջոցառում՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան:
Միջոցառումը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգով, որմէ ետք կեդրոնի երիտասարդները արտասանեցին բանաստեղծութիւններ՝ նուիրուած Հայաստանին ու հայութեան, եւ երգեցին հայրենասիրական երգեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան օրուայ եւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի յաղթանակներու օրուայ առիթով Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմավաւերագրական ֆիլմի դիտում եւ դասախօսութիւն:
Դասախօսութեան ընթացքին, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի յաղթանակներէն բացի, խօսուեցաւ նաեւ 1918թ. Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան մասին, որը անբաժանելի մաս կը կազմէ 1918թ. հայ ժողովուրդի յաղթանակներու:
-----------------------------
«Նոր Ջուղայի օրեր» ծրագիրը աւարտեցաւ մշակութային միջոցառումներով
Մայիս 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Սպահանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի եւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Նոր Ջուղայի օրեր» ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մշակութային միջոցառումներու շարք, որով եզրափակւեցաւ ծրագիրը:
Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Սուրբ Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ հիմնադրման 350 ամեակին նուիրուած հանդիսութեան մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնները այնպէս սերտօրէն միահիւսուած են, որ առանձին-առանձին հնարաւոր չէ անոնք ներկայացնել: 400-ամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդը Նոր Ջուղային մէջ կառուցած է Ամենափրկիչ եկեղեցին, եկեղեցին պահած է համայնքը: Բառերը անզօր են հաղորդելու, նկարագրելու մշակութային այն առեղծուածը, որ պահել, պահպանել ու սերունդէ սերունդ փոխանցած է մեր լեզուն, պատմութիւնը, մեր գոյատեւման խորհուրդը: Այսօր մեր հարեւան Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ստեղծած է բոլոր պայմանները, որ պահպանուի եւ անխաթար մնայ մեր մշակոյթը: Ես խորին շնորհակալութիւն եմ յայտնում Իրանի պետութեան, ՀՀ-ի մէջ անոր մեծարգոյ դեսպանին այն մթնոլորտի համար, որ ստեղծած են Ջուղայի, Իրանի մէջ, որպէսզի հայը իրեն հայ զգայ»:
ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. Մոհամմադ Ռէյիսին, ողջունելով ներկաները, աւելցուց. «Այս երեք օրուայ միջոցառումները ցոյց տուին մեր ժողովուրդներու մշակութային ընդհանրութիւնները: Նոր Ջուղան կարեւոր դեր կը խաղայ Իրանի հասարակական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքին մէջ: Բոլոր զբօսաշրջիկները անպայման կþայցելեն Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցի, որը իրաւամբ կը համարուի Իրանի հայ համայնքի հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ հասարակական գործունէութեան գլխաւոր կեդրոնը»:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Բաբկէն եպս. Չարեան, ՀՅԴ անդամ, ծնունդով ջուղայեցի Հրանդ Մարգարեանը, Սպահանի Հայոց թեմի թեմական խորհրդի նախագահ Նոյել Մինասեան:
Ցուցադրուեցաւ Ռուբէն Գէորգեանցի՝ Նոր Ջուղայի հայ համայնքին եւ Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած «Նոր Ջուղա. լինել» ֆիլմը:
Ելոյթ ունեցաւ Սպահանի «Կոմիտաս» երգչախումբը ղեկավար՝ Արմեն Ամիրխանյանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիսութեան աւարտին՝ Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահի ճեմասրահին մէջ բացուեցաւ «Նոր Ջուղայի հայ համայնքն անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներուն» խորագրով ցուցահանդէս:
Ներկայացուեցան Նոր Ջուղայի տարազներ, հարսանեկան շորեր, մաշիկներ, գօտիներ, գլխարկ: Առանձին հաւաքածուներով ցուցադրուած էին սեղանի հիւսկէն ու ասեղնագործ ծածկոցներ, թաշկինակներ, օձիքներ, եկեղեցական ոսկեյուս վեղարներ, գիրքեր Նոր Ջուղայի մասին, թերթեր եւ ամսագրեր, արխիւային այլ նիւթեր: Վահանակները կը ներկայացնէին յայտնի նորջուղայեցիներու եւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու կենսագրութիւնները, լուսանկարները: