Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայրենիքի 115-ամեակ

Հայրենիքի 115-ամեակի ձեռնարկներուն գծով, Շաբաթ, Մայիս 17-ին, հովերու քաղաքին՝ Շիքակոյի մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակելի ձեռնարկ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայրենիք շաբաթաթերթը:

Արփի Սեֆէրեան, ամէնայն սիրայօժարութեամբ հիւրընկալած էր եւ իր տան դռները լայն բացած: Նաեւ, ան ստանձնած էր այս ձեռնարկին մատակարարումը: Յիսուն ներկաներու մասնակցութեամբ, այս դրամահաւաքի ձեռնարկը մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ:
Շրջանի հովիւ Տէր Հայր Զարեհ Սահակեան աղօթքով մը օրհնեց օրուան սեղանը:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով խօսք առաւ Անդրանիկ Գասպարեան, որ նաեւ օրուան հանդիսավարն էր:
Ան նշեց, թէ այս տարի երեք յիշատակելի տարեդարձներ կը նշուին՝ Հայրենիք թերթի եւ հրատարակչատան 115-ամեակները, նաեւ անգլերէն բաժնի՝ Արմինիըն Ուիքլիի 80-ամեակը: Ան քանի մը տողով ներկայացուց թէ մամուլէն ներս որքան բան փոխուած է, տեղեկացնելով թէ ՛՛Հայրենիք՛՛ հաստատութիւնը քայլ պահած է այս ճեպընթացող փոփոխութիւններուն հետ, յատկապէս շեշտելով թէ, նոյնիսկ համակարգիչի փոխարէն, բջիջային հեռաձայնի պաստառիկներէն կարելի է կարդալ ու հետեւիլ մամուլին:
Նաեւ ան անդրադարձաւ հրատարակչատան մասին, որ վերջերս լոյս ընծայած է ե-հրատարակութիւններ եւ անշուշտ պատմութիւն կերտած հրապարակախօսներ եւ գործիչներ ներկայացնող՝ ՝՝Voices from the Past՝՝ (Անցեալի Ձայներ) հրատարակութիւնը, որմէ օրինակներ, ինչպէս նաեւ ՝՝Հայրենիք՝՝ի Ապրիլ ամսուայ երկլեզու բացառիկ թիւը տրամադրուած էին ներկաներուն:
Ապա խօսք առաւ Հայրենիքի խմբագիր՝ Զաւէն Թորիկեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ հայ թերթի կարեւորութեան մասին, նշելով թէ բոլոր գաղութներէն ներս, մեծ թէ փոքր հայորդին, եկեղեցւոյ, հայ կեդրոնի եւ կրթօճախի կողքին, ունեցած է թերթը: Ան յայտնեց թէ շնորհիւ գաղութներու ցուցաբերած գորգուրանքին, կարելի եղած է պահել հայ թերթը եւ այս պարագային՝ Հայրենիքը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ այդ օրն իսկ վերադարձած էր Լիբանանէն: Յատկապէս, ան անդրադարձաւ ուսանողութեան օրերուն, Լիբանան կեցութեան ընթացքին ձեռք ձգած փորձառութեան մասին: Ան պատմեց հետաքրքրական ու տպաւորիչ դրուագներ: Մօտաւորապէս վաթսուն տարի առաջ կատարած իր ութամսեայ այցելութեան մասին սահիկներ ցուցադրելով, ան մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, շարունակ բաղդատելով աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային ներկայի իրավիճակին հետ:
Իր իւրայատուկ սրամտութեամբ, թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ անգլերէնով, ան առիթ մը ընծայեց ներկաներուն, որպէսզի քանի մը վայրկեանի համար, փոխադրուին Միջին Արեւելքի առաջնորդող գաղութներէն՝ Լիբանան եւ ականատես ըլլան ու ըմբոշխնեն այդ շրջանի եւ գաղութի կազմաւորման ամէնէն փայլուն հանգրուանի օրերու մթնոլորտը:
Ձեռնարկի աւարտին, խօսք առաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Անժէլ Մանուկեան, որ 115-ամեակի ձեռնարկներու պատասխանատուն է: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս Արփի Սեֆէրեանի, որ ամէնայն բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով կազմակերպած էր այս ձեռնարկը: Այս առթիւ կարելի եղաւ հաւաքել 25 հազարի շուրջ տոլարի գումար մը:

----------------------------------------


Հայ-Արաբական Լեզուական Առնչութիւններու Ներկայացում՝ Դամասկոսի Համալսարանի Գիտաժողովին Ընթացքին

Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթն ու լեզուն» վերնագիրով գիտաժողով մը,
զոր կազմակերպած էր «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»ը՝ Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Ամեր Մարտինիի հովանաւորութեամբ: Գիտաժողովը կը շօշափէր տարբեր նիւթեր, ինչպէս՝ սուրիական մշակոյթը, ասորերէն լեզուն եւ Մալուլա քաղաքը, քրտերէնի զարգացումը, հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ այլն:
«Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»ի նախագահ դոկտ. Մէյսաա Սիուֆի բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ գիտաժողովը առիթ մըն է հաստատելու Դամասկոսի համալսարանին մէջ լեզուներու եւ մշակոյթներու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայերէնի եւ քրտերէնի բաժիններու բացման հանգամանքը:
Ներկայ էին համալսարանի նախագահն ու ուսումնարանի նախագահը, համալսարանի բաժանմունքներու տնօրէններն ու դասախօսները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան:
Այս առումով գիտաժողովի լսարանին մաս կազմեցին համալսարանական եւ գիտական շրջանակները, ինչպէս նաեւ ասորի եւ քիւրտ շրջանակները:
Գիտաժողովին առաջին օրը հայոց լեզուի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց «Հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ քաղաքակրթութեան փոխազդեցութիւնը» վերնագիրով ելոյթը, որով պատմական ակնարկով ներկայացուց լեզուական եւ մշակութային առնչութիւնները երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ան շեշտեց այն կարեւոր հանգամանքը որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները գոյութիւն ունեցած են դարերու ընթացքին եւ ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Արիսեան Դամասկոսի համալսարանի նախագահութեան կոչ ուղղեց սերտ կապեր հաստատելու Հայաստանի մէջ Երեւանի պետական համալսարանի արա-բագիտութեան ամպիոնին եւ Գիտութիւններու ազգ. ակադեմիոյ արեւելագիտութեան հիմնարկին հետ:

---------------------------------------

Մահացած Է Բանաստեղծուհի
Ալիսիա Կիրակոսեանը

Մայիս 22-ին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան:
1936-ին Գորտոպա, Արժանթին ծնած Ալիսիան հեղինակ է սպաներէն եւ հայերէն բանաստեծական բազմաթիւ երկերու:
Ալիսիա Կիրակոսեան աւարտած է Պուէնոս Այրեսի ազգային համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։ 10 տարի թատրոնի դերեր խաղացած է։ 1968-ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս։ Բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ «Մէկ օրում հինգ ձայն», լոյս տեսած է 1966 -ին։ Այնուհետեւ հրատարակուած են Կիրակոսեանի «Էութիւն եւ կետադրութիւն», «Հայաստանեան ապրումներ», «Բանաստեղծութիւններ» ժողովածունները։ Անոր «Պետրօ Ամոր» փիեսը ներկայացուած է Պուենոս Այրեսի «Փայրօ» թատրոնի մէջ։
Ալիսիա Կիրակոսեան սպաներէնի թարգմանած է Րաֆֆիի «Խենթը»։
Ան Խաչատուր Աբովեանի անուան մրցանակակիր է։


ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՍԻՊԻԼ «ՍՓԻՒՌՔԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԳՉՈՒՀԻ»Ն ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ

Գալիֆորնիոյ մէջ Մայիս 11ին տեղի ունեցաւ «Ամերիկայի համաշխարհային երաժշտութեան մրցանակաբաշխութիւն»ը, որուն հրա- ւիրուած էին մասնակցութիւն բերելու նշանաւոր բազմաթիւ արուեստագէտներ։ Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Փէքթորոսօղլու ստացաւ «Սփիւռքի լաւագոյն երգչու- հի» մրցանակը։