58 երկիրներ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղած են սատարելու բանաձեւի այն նախագիծին, որուն միջոցով կը նախատեսուի Սուրիոյ գործը ներկայացնել Միջազգային քրէական դատարանին եւ նպաստել անոր որդեգրման ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:
Այս մասին կը հաղորդէ Associated Press-ը:
Նշեալ բանաձեւին համաձայն՝ միջազգային դատարանը պէտք է հետաքննութեան ենթարկէ մեղադրանքները այն լուրջ յանցագործութիւններուն շուրջ, զորս կատարած են Սուրիոյ կառավարական զօրքերը, կառավարամէտ խըմբաւորումները, ինչպէս նաեւ՝ զինեալ ընդդիմադիրները:
Բանաձեւի հեղինակներուն նպատակն է յստակ ազդանըշան ուղարկել, որ ամէնէն լուրջ յանցագործութիւնները, միջազգային իրաւունքին համաձայն, չեն կրնար անպատիժ մնալ:
Ըստ այդ փաստաթուղթին, Սուրիոյ իշխանութիւնները պատասխանատու են զանգուածային սպանդի 8, իսկ ընդդիմադիրները՝ մէկ դէպքի համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ «Մոսկուա սուրիական թըղթածրարին Միջազգային քրէական դատարանին փո- խանցելուն դէմ պիտի օգտագործէ վեթօ ներկայացնելու իր իրաւունքը»: