Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոպական Ժողովրդային կուսակցութիւնը կը շարունակէ առաջնակարգ գիծերու վրայ մնալ Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս (28,83% տոկոսով եւ 212 աթոռներով), այսուհանդերձ՝ առաջին անգամ ըլլալով աճ արձանագրած է եւրոպական գաղափարին դէմ կասկածամտութեամբ մօտեցող եւրոերեսփոխաններու թիւը:

Ցնցիչ է ծայրայեղ աջակողմեան ուժերու առաջընթացը, որոնց ներկայութիւնը զգալի աճ կ'արձանագրէ: Անոնց շարքին են անգլիական UKIP խմբակի, ֆրանսական Մարի Լեփէնի «Ազգային ճակատ»ի, Տանմարքի Ժողովրդային, Աւստրիոյ «Ազատներու» Հունգարիոյ Jobbik եւ Յունաստանի «Ոսկի արշալոյս» կուսակցութեանց ներկայացուցիչները:
Ընկերվարական, Ազատական եւ Կանաչներու կուսակցութիւնները յաջողեցան գրաւել 523 աթոռ: