Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

իւ Եորքաբնակ Կարէն Մելիքեան աշխատանք կը տանի Անի քաղաքը համացանցի վրայ վերականգնելու:

Քաղաքի հիմնարկութեան 1000ամեակին առիթով, ան կ'աշխատի ծանօթագրական տեղեկութիւններ տալ պատմական քաղաքին մասին, համակարգչային եռաչափ տարածութեամբ սփռումով։ Ծրագիրը պիտի ներկայացուի երեք խաւերու յատուկ տարբերակներով՝ մանուկներուն, ընդհանուր ժողովուրդին եւ մասնագէտներուն։ Պիտի սփռուի երեք լեզուներով. հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն։
Այս աշխատանքին համար, գլխաւորութեամբ Երեւանի Հայ Ճարտարապետներու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին, գործակցութիւն հաստատուած է Պոլսոյ Հայ Ճարտարապետներու Միութեան (ՀԱՅՃԱՐ), «Անատոլու Քիւլթիւր»ի վարիչ Օսման Գավալայի, Օսման Քէօքէրի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: