Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սերպիայի եւ Քոսովոյի մէջ գետերու մակարդակը բարձրացաւ այնքան, որ ծածկեց որոշ շրջաններու մէջ նոյնիսկ երկյարկանի տուները: 
Իրավիճակը բարդ է յատկապէս Սերպիայի մէջ, ուր եռօրեայ սուգ յայտարարուած է, մինչ երկրի արտակարգ վիճակը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

Կացութիւնը վտանգաւոր է։ Համաճարակներու վախ կայ՝ մահացած կենդանիներու դիակներէն։ Ժողովուրդին սկսած են բաժնել ջուր եւ սննդեղէն։
«Ազատութիւն» կայանը կը հաղորդէ թէ կապ հաստատած է Սերպիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Սամվէլ Այվազեանի հետ, տեղեկութիւններ քաղելով տեղւոյն հայ բնակչութեան մասին։ «Սերպիայի հայկական համայնքին մէջ փառք Աստիուծոյ զոհեր չկան», ըսած է ան, սակայն, տեղի հայերը շատ ծանր կացութեան մատնուած են:
Սերպիայի մէջ 300-է աւելի հայկական ընտանիքներ կþապրին։ Երեք հայկական ընտանիք կայ ջրհեղեղէն ամենաշատը տուժած քաղաք՝ Օպրենովեցի մէջ։ Անոնք ստիպուած են եղած են լքելու իրենց տուները եւ կտրուած են աշխարհէն։
«Այն ընտանիքները, որոնք չեն տարհանուած, քանի որ բարձր տեղերու վրայ կը գտնուէին իրենց բնակարանները, այլ խնդիր ունին, շրջափակման մէջ են: Փրկարարներու միջոցով իրենց ջուր եւ պարեն կ'ուղարկուի։ Բաժնուած են նաեւ ձեռքի հեռաձայներ՝ կապի համար»,- կ'ըսէ Այվազեան։