Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոպական ընտրութիւնները կ'երկարին չորս օրերու վրայ. Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու 500 միլիոն ընտրողներ քուէատուփ կ'առաջնորդուին

Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնց պաշտօնական արշաւը սկսած է Մայիս 11ին, տեղի պիտի ունենան այս Կիրակի 25 Մայիսին։

Այս կը նշանակէ թէ Երկուշաբթի 26 Մայիսին, Յունաստանի 21 համաքաղաքացիներ, ժողովուրդի համամտութիւնը ստացած պիտի ըլլան, երկիրը ներկայացնող ձայնը դառնալու Եւրոպայի մէջ:
Նախքան եւրոընտրութիւններու կայացումը, տարբեր հարցախոյզներ ի յայտ կը բերեն նոր խորհրդարանի պատկերը ճշդող տուեալները: PollsWatch 2014 կեդրոնի հաղորդած տուեալներու հիմամբ՝ պահպանողականները բարձրացուցած են իրենց տոկոսները՝ ընկերվարականներուն դէմ, հաւանաբար 8 յաւելեալ աթոռներու տիրանալու հաւանականութեամբ:

28 երկիրներու 500 միլիոն ընտրողներ
Եւրոպական ընտրութիւնները կ'երկարին չորս օրերու վրայ. Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու 500 միլիոն ընտրողներ քուէատուփ կÿառաջնորդուին։ Անգլիացիները եւ Հոլանտացիները բացումը կատարեցին Մայիս 22ին։ Յունաստանի մէջ ընտրութեան օր նշանակուած է Կիրակի 25 Մայիսը: 18 տարեկանը ամբողջացուցած Եւրոպայի բոլոր բնակիչները (բացի Աւստրիայէն, ուր քուէարկութեան արտօնութիւն ունեցող քաղաքացիներու տարիքը 16 է) կրնան քուէարկել՝ ընտրելու համար 751 երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնեն եւրոպացիներու իրաւունքները Սթրազպուրկի խորհրդարանին մէջ, հինգ տարուան համար։

Աթոռներու թիւը
Այն երկիրները, որոնք մեծ թիւով ժողովուրդ ունին աւելի շատ աթոռներ կը գրաւեն եւ հակառակը։ Այս տարի Մալթան, Լիւքսենպուրկը, Կիպրոսը եւ Էսթոնիան 6 աթոռ կ'ունենան, Ֆրանսան՝ 74, եւ Գերմանիան՝ 96 աթոռներ (անցեալի բաղդատմամբ նուազ երկու)։ Յունաստան 21 աթոռ ունի:

Խորհրդարանի քաղաքական գոյնը
Անցեալ շաբաթ հրապարակուած հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն եւրոպացի քաղաքացիներ կը հաստատեն, թէ անտեղեակ են Եւրոպական Խորհրդարանի մեծամասնութեան քաղաքական գոյնէն։ Ան առայժմ կեդրոն-աջ է (UMP-ն այդ շարժումին կը պատկանի) եւ 274 աթոռ ունի, իսկ ընկերվարական-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ 195 աթոռ։

Ի՞նչ կ'ընեն եւրոերեսփոխանները
Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխանները կը քննարկեն եւ կը քուէարկեն համայնքային օրէնքները։ 1979ին կայացած առաջին ընտրութենէն ասդին խորհրդարանի իրաւասութիւնները ընդարձակուած են, մասնաւորաբար ելեւմտական հարթակին վրայ։ Խորհրդարանը ունի 28 յանձնախումբեր եւ կրնայ օրէնքին ենթարկուելու առաջարկներ ներկայացնել։ Ան նաեւ իրաւունք ունի ստանձնելու ընտրողներու զանազան դիմումները եւ նամակարշաւներու արդիւնքները։


Կարեւոր է նշել, թէ Եւրոպական Խորհրդարանի ընտրութիւնները, աշխարհի մէջ ժողովրդավարական ընտրութիւններու
ամէնազանգուածային կազմակերպումն են, ուր շուրջ 400 միլիոն ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներ՝ քուէատուփ կը ներկայանան, ընտրելու համար եւրոպական նոր խորհրդարանի կազմը:
2009էն ետք զգալի աճ արձանագրած են Եւրոպական Խորհրդարանի լիազօրութիւնները, մինչ Եւրոպա կը փորձէ յաղթահարել տնտեսական ճգնաժամը, որ հարուածած է անդամ-երկիրները: Այսպէս, Եւրոպական նոր Խորհրդարանի անդամները կոչուած պիտի ըլլան օրէնքներ քուէարկելու, որպէս ուղեցոյց ունենալով տնտեսական-ֆինանսական կարգապահութիւնը, դրամատնային համակարգի առողջացումը: Հետեւաբար, 2009էն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, եւրոխորհրդարանի կազմը պիտի որոշէ թէ ո՞վ պիտի գլխաւորէ եւրոպական յանձնաժողովի նախագահութիւնը։ Առաջարկուած վեց թեկնածուներէն մէկը պիտի փոխարինէ Խոսէ Մանուէլ Պարոզոն։