Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը՝ թուրք փաստաբան մեթր Էրտալ Տողանի հետ, մասնակցութեամբ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեանի:

Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին արծարծուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ կիրարկած ժխտողական քաղաքականութիւնը, ցեղասպանութեան փոխհատուցման հարցը եւ Թուրքիոյ մէջ այլախոհներու երեւոյթը:
Մեթր Տողան Մալաթիոյ Զիրվէ հրատարակչատան երեք միսիոնարներու սպանութեան դատի փաստաբանն է, Հրանդ Տինքի նախկին փաստաբանը, 1938-ի Տերսիմի կոտորածի դատը ՄԱԿ-ի մօտ պաշտպանող եւ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր:
Խօսելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին՝ մեթր Տողան նշեց, որ փոխհատուցումէն առաջ կարեւորը այն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը սխալ հիմքերու վրայ եղած է: Ան նշեց, որ Թուրքիա կրնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով հատուցում վճարել եւ ունի այդ ուժը, իսկ տարածքային պահանջը «խնդիր չէ»: Ան ըսաւ, որ «թրքական պետութիւնը 100 տարիէ ի վեր իր ժողովուրդին սուտ խօսած է»:
Մեթր Տողան յայտնեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը գործէ ներքին տինամիզմ մը, եւ Թուրքիա պէտք է փարատէ «վատ սփիւռքի» տեսակէտը, որուն մէջ սփիւռքահայութիւնը այդ առումով իր կատարելիք աշխատանքը ունի:
Ան նշեց, որ «գոյութիւն ունի ցեղասպանութենէն ետք 3-րդ սերունդ մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ մարաշցի եւ ուրֆացի», ինչ որ ցուցանիշ է հողին կապուածութեան, բան մը, որմէ անտեղեակ է թրքական հասարակութիւնը, որովհետեւ սփիւռքը թուրքին անհասկնալի լեզուներով ինքզինք կ՛արտայայտէ, եւ այդ տեղեկութիւնը թրքական հասարակութեան չի հասնիր: Թուրք փաստաբանը կը նշէ. «Եթէ սփիւռքահայութիւնը իր ցաւերը եւ պահանջները 15 տարի առաջ թրքերէնով արտայայտած ըլլար, այսօր այլ տեղ պիտի գտնուէինք»: Ասկէ մեկնելով՝ ան թրքերէնով սփռուող հայկական պատկերասփիւռի կայանի մը կարեւորութիւնը շեշտեց:
Հարցազրոյցի վերջաւորութեան Էրտալ Տողան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իր ալեւի մեծ հօր ցեղախումբը ցեղասպանութեան ընթացքին ՀՅԴ-ի զինեալ խումբերուն հետ հայ բնակչութիւնը փոխադրած է Արեւելեան Հայաստան եւ այդ քայլը ցեղախումբին համար ի՛նչ հետեւանք ունեցած է: