Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Մեծն Պոսթընի հայահոծ Ուաթըրթաուն շրջանի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի սրահին մէջ, Շաբաթ, Մայիս 10ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան նուիրուած ձեռնարկ, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Հ.Ե.Դ.ի «Գարեգին Նժդեհ» ուխտին:

Օրուան բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց թէ, այդ օր յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ հաւատքին եւ հետեւողական պայքարին: Ան շեշտեց թէ, միեւնոյն ոյժն ու հաւատքն է, որ յաղթական դուրս եկաւ 22 տարի առաջ, Շուշիի ազատագրութեան օրերուն:
Հ.Ե.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» ուխտի անունով, ելոյթ ունեցաւ Գառնի Արմէնեան, որ իր կարգին նշեց թէ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ ջահը բարձր պահել եւ շարունակել Հայ Դատի առնչութեամբ աշխատանքը:
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Գանատայէն ժամանած Յարութ Պետրոսեան եւ իր նուագախումբը:

 

ԵՕԹ ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԴՈՒՄԸ
Վերոյիշեալ ձեռնարկէն առաջ, Պոսթընի շրջանէն եօթ նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հ.Յ.Դ.ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի կազմակերպութեան շարքերուն:
Օրուան կնքահայրն էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան, որ յայտնեց, թէ նորագիրները լաւապէս պէտք է գիտակցին, որ Դաշնակցութեան ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական հասկացողութիւններուն եւ դիմագիծին թարմութիւն տալու կոչուած են իրենք: Ան նշեց թէ, կուսակցութեան շարքերուն միանալը կÿենթադրէ կարգապահութեան գիտակցութիւն, ազգային հարցերու նկատմամբ նպատակասլաց մօտեցում եւ ամբողջական հաւատք ու նուիրում՝ Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի նկատմամբ:


Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Եազիճի
Պատրիարք Հանդիպում Տուպայի Մէջ

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Եազիճի պատրիարք հանդիպում մը ունեցան Տուպայի մէջ: Հանդիպման ներկայ եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր: Երկու հոգեւոր պետերը նաեւ շեշտեցին հայ եւ յոյն ուղղափառ համայնքներու գործակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու կարեւորութիւնը բոլոր երկիրներուն մէջ: Յայտնենք, որ Ապու Տապիի մէջ հայ համայնքի կողքին նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքը լծուած է եկեղեցաշինութեան աշխատանքի:
Վեհափառը եւ Եազիճի պատրիարք կարեւորութեամբ ընդգծեցին Էմիրութիւններու մէջ երկու համայնքներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ վեհափառը եւ պատրիարքը Պահրէյնի մէջ մասնակցած էին միջ-կրoնական միջազգային համագումարին եւ այդ առիթով ալ ունեցած էին հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ: