Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով զոհերու թիւը Մարտ 2011-ի սկիզբէն ի վեր հասած է 162,402-ի:

Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող լոնտոնեան գրասենեակին տուեալներով՝ զոհերէն 53,978-ն քաղաքային անձեր են, ներառեալ՝ 8,607 երեխաներ:

Ընդդիմադիր զինեալներու շրջանին մէջ զոհերու թիւը 42,701 է, ներառեալ՝ 13,500 Ժապհաթ Նուսրայի եւ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան նման խմբաւորումներու զինեալներ: Կառավարական զօրքերու զոհերուն թիւը 61,170 է, որոնցմէ 37,685-ը՝ զինուոր, իսկ 23,485-ը՝ կամաւորական զինեալ:
Իրաւապաշտպանները նաեւ հաստատած են Հըզպալլայի 438 անդամի, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգի կողմնակից 1224 ոչ սուրիացի զինեալներու մահուան փաստը: Ցուցակին մէջ ներառուած է նաեւ 2891 անուն, որոնց ինքնութիւնը յստակ չէ: