Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Kavkasia.net կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 13 Մայիսին Երեւանէն Թիֆլիս այցելելով, յայտարարած է, որ Վրաստան կը մասնակցի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն դուրս գալու փորձերուն:

«Մենք միասին ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր կը փնտռենք, եւ այդ հարցին մէջ կ՛ակնկալենք Վրաստանի գործընկերութիւնը», ըսած է ան:
Ֆրանսայի նախագահը յիշեցուցած է, որ իր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով Մինսքի խըմբակի անդամ է եւ կը ցանկայ «Վրաստանի գործընկերութիւնը՝ այդ երկու երկիրներուն վստահութեան նշաններ ուղարկելու հարցին մէջ»: