Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նոր նահատակ մը

Հալէպ քաղաքի բնակչութիւնը, Մայիսի սկիզբէն, զրկուած է կեանքի ամէնակենսական եւ հիմնական նիւթէն՝ ջուրէն: Շուրջ վեց միլիոն բնակիչ, ջուր չունի՝ խմելու, լուացուելու եւ լուանալու, մաքրութիւն ընելու եւ օրուայ տարրական պէտքերը հոգալու:

Հալէպի լրատուական գրասենեակէն կը հաղորդեն թէ 11 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած կազի շիշերէ պատրաստուած հրթիռի պատճառով նահատակուած է բանակի կողքին ծառայող Յակոբ Գրտանեանը: