Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան Արցախի ճանաչման բանաձեւի ի նպաստ վկայութիւն կու տայ:

Քալիֆորնիոյ նահանգի Օրէնսդիր մարմնի Կանոնադրական յանձնախումբը 9 թեր մէկ դէմ քուէով պատմական քայլ մը կատարեց որդեգրելով Արցախի ճանաչման ի նպաստ բանաձեւ մը:
Սոյն բանաձեւով Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինը նաեւ կը դիմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնքրեսին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
Բանաձեւը ներկայացուած էր Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմնի (State Assembly) անդամ Մայք Կաթոյին կողմէ, որու նախաձեռնութեան իբրեւ համահեղինակներ միացան անդամներ Քաջօ Աշաճեան, Ատրին Նազարեան, Սքաթ Ուիլք, Չերըլ Պրաուն:
Մայխ Կաթօ մեծապէս գնահատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներդրումը բանաձեւի որդգրումի աշխատանքներուն: Յանձնախումբի նամակարշաւը տուած էր իր դրական արդիւնքը՝ հարիւրաւոր նամակներ ապահովելով Քալիֆորնիոյ բոլոր շրջաններէն: