Արմէն Մկրտչեան araratnews.am-ի վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հայերը Աբխազիոյ մէջ հաստատուած են միջնադարու սկիզբը, իսկ իբրեւ համայնք՝ բաղկացած են համիտեան ջարդերէն ետք եւ Մեծ եղեռնի տարիներուն Աբխազիա գաղթած Տրապիզոնահայերէ:
Հայերը 19րդ դարու վերջաւորութեան Աբխազիոյ մէջ կառուցած են եկեղեցիներ, բացած են դպրոցներ, հիմնադրած են տպարաններ, հրատակարած են «Լոյս» «Նոր Կեանք» եւ «Փարոս» թերթերը:
Խորհրդային շրջանին ալ հայերը Աբխազիոյ մէջ կազմած են բնակչութեան գերակշիռ մասը՝ շուրջ 100 հազար թուաքանակով: Հայերը հիմնականին մէջ կը բնակին Սոխումի, Օչամչիրա, Կակրա, Կուտաութա, Լեսելիծէ, Կանթիատ, Փիցուտա, Նոր Աֆոն եւ Կուլրիփշ ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հայերու կողմէ հիմնադրուած բնակավայրերու մէջ:
2006ի մարդահամարով, Աբխազիոյ մէջ հայերու թիւը 1992ի մարդահամարի 80 հազարէն նուազած է 44 հազարի, եւ ասիկա՝ միայն ըստ պաշտօնական տուեալներու: Ընտրելու իրաւունք ունեցող հայերուն թիւը 32 հազար է:
Արտագաղթի նման կշռոյթները անկարելի կը դարձնեն Աբխազիոյ մէջ հայ համայնքին բնականոն գործունէութիւնը: Աբխազահայութիւնը, իբրեւ ազգային առանձին խումբ, կը կորսնցնէ այդ երկրին մէջ իր իւրայատուկ պատմական դերն ու նշանակութիւնը: Աբխազիոյ մէջ 56 հայկական դպրոցներէն մնացած են միայն 34ը, աշակերտական թիւի նուազումին պատճառով: Հայ բնակչութեան զգալի մէկ հատուածը դադրեցուցած է նախկին բազմաճիւղ տնտեսական գործունէութիւնը եւ այժմ գլխաւորաբար զբաղած է նարինջներու, կիտրոնի եւ այլ նման միրգերու մշակութեամբ ու արտածմամբ: Նախապէս, աբխազահայութիւնը ներգրաւուած էր երկրի թէ՛ կառավարման, թէ՛ գիւղատնտեսութեան եւ թէ՛ այլ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ոլորտներուն մէջ:
Կառավարութեան մէջ հայութեան ունեցած նախկին տիրական ներկայութիւնը չքացած է: Ներկայիս կառավարութեան մէջ մնացած է միայն Գիւղատնտեսութեան փոխնախարար մը, իսկ օրէնսդիր մարմինին մէջ՝ խորհրդարանի փոխնախագահը: Աբխազիոյ 33 երեսփոխաններէն միայն երեքը հայ համայնքի ներկայացուցիչ են:
Թուրքիան ճնշումներու կ’ենթարկէ Աբխազիոյ ղեկավարութիւնը՝ պահանջելով հայերու թուաքանակի արհեստական նուազում, պետական պաշտօններէն հայերու հեռացում: Յատկանշական է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն բացարձակ անտարբերութիւնը աբխազահայութեան խնդիրներու վերաբերեալ: