Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանգուվըրի հայութիւնը ոգեկոչեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը:

Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Mountain View գերեզմանատան շրջափակին մէջ զետեղուած Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի բացումը։
350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առին Նաթան Արք. Յովհաննիսեան- Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի արդարութեան նախարար Սուզան Անթոն, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Տոն Տէյվիս եւ Ժասփիր Սանտու, նահանգային երեսփոխան եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ատրիան Տիքս, Վանգուվըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քէրի Ժանկ եւ Ռէյմոնտ Լուի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին թրքական պետութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:
Գանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնիի խօսքը փոխանցեց Գանատայի խորհըրդարանի անդամ Անտրու Սաքսթըն:
Յուշակոթողի ծրագրի պատմականը ներկայացուց Ճորճ Շահնազարեան:
Յուշակոթողի մասին բացատրութիւններ տուաւ յուշակոթողի հեղինակը՝ Մաթիլտա Ասլիզատէն: