Գարատուրանի ափին վրայ սուրիական բանակի ծովային մասնայատուկ ուժերու գործողութեան մասին կը գրեն Al-mayadeen, Al-Akhbar, Al Hadas արաբական լրատուական կայքերը:
Յանդուգն զինուորական գործողութեան իբրեւ արդիւնք, սուրիական բանակը տիրացած է Գարատուրանի սահմանակէտին եւ հոն բարձրացուցած է Սուրիոյ ազգային պետական դրօշը:
Միւս կողմէ, Syrianperspective-ի սիւնակագիր Զիադ Ֆատել կապ հաստատած է իր ընկերոջ՝ Ուայելին հետ, որ յայտնած է, թէ սուրիական բանակը մտած է Քեսապ եւ գիւղը գրաւած զինեալները դէպի Ալսամրա մղելու կռիւներ կը տանի: