Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Օրեր շարունակ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւն, ջուր չկայ,որովհետեւ զինեալ խմբաւորումները գրաւած են ելեկտրակայանն ու ջրակայանը։

Դէպի Հալէպ հիմնական մուտքի ճամբան վտանգուած ըլլալու պատճառով, սննդամթերքի եւ վառելանիւթի տագնապը կը շարունակուի։ Վառելանիւթի գիները եռապատկուած են։ Այդպէս անցաւ Զատկի տօնը։

Ապրիլ 20-ին, սուրիական բանակը կրցաւ Հալէպը դուրսի աշխարհի հետ կապող Խանասերի շրջանը իր հակակշռին տակ առնել եւ հնարաւոր դարձաւ բեռնաւորուած հարիւրաւոր բեռնակառքեր ներս մտցնել եւ սնունդը ապահովել: