Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սան-Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն NEWS. am-ին յայտնած են, թէ Ապրիլ 21-ին Ռուսաստանի «հիւսիսային մայրաքաղաք» Սան-Փեթերզպուրկի խորհրդարանի օրէնսդրական ակտերի կոմիտէին մէջ՝

կոմիտէի նախագահ, «Եդինայա Ռոսիա» խմբակցութեան անդամ Վիտալի Միլոնովի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած է քննարկման եւ միաձայն քուէարկութեամբ ընդունուած է «Սան-Փեթերզպուրկի մէջ տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը:

Ըստ նշուած նախագիծին՝ իւրաքանչիւր տարուայ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս կը ճանչցուի որպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր»: