Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ  Չեչենիոյ նախագահ Ռամզան Քատիրով ընկերային ցանցի իր էջերէն մէկուն վրայ գրած է, որ Քեսապի դէմ յարձակում գործած ահաբեկիչները իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին: Ան ցաւակցութիւն յայտնած է Քեսապի մէջ նահատակուածներու ընտանիքներուն: «Շուրջ հարիւր զոհ արձանագրուեցաւ Քեսապի մէջ՝ զինեալներու յարձակումներուն պատճառով, որոնք, ինչպէս սուրիական իշխանութիւնները կը շեշտեն, Թուրքիայէն եկած էին», գրած է Քատիրով: «Պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան, որ յարձակումը կատարուած է Քայիտայի զինեալներուն կողմէ, որոնք անդամ են այսպէս կոչուած Ժապհաթ Նուսրայի եւ Իսլամական ճակատին», ըսած է ան, աւելցնելով. «Այսու հաստատ կերպով կը յայտարարեմ, որ այդ ահաբեկիչները իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին եւ չեն կրնար իսլամներ կոչուիլ»: