Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրք մտաւորական, հասարակական գործիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն իր շաբաթական յօդուածը նուիրած է սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ անոնց՝ Թուրքիոյ մասնակցութեան:
«Քայիտա» խմբաւորման հետ կապ ունեցող խումբ մը Անթաքիոյ սահմանը դիւրութեամբ անցնելով, հակառակ կողմը գտնուող շրջանի մը‘ Քեսապի վրայ յարձակած է: Քեսապի առանձնայատկութիւնը հայկական աւան ըլլալն է: Քեսապը այժմ դատարկ է:
Հոն բնակողները, որոնք 1915-ին, 1939-ին դարձեալ գաղթի ճամբան բռնած էին, այժմ հաստատուած են Լաթաքիա:
Արդեօք ճի՞շդ է, որ ջախջախուած սուրիական օդանաւը հոն էր խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկիչներէն պաշտպանելու համար:
Չեմ ուզեր հաւատալ, բայց եթէ ատիկա ճիշդ ըլլայ, ապա կը նշանակէ, որ ոչ միայն սահմանէն, այլ նաեւ օդէն ահաբեկիչները աջակցութիւն ստացած են: Ասիկա բաւական ծանր պիտի ըլլայ:
Թուրքիոյ ղեկավարները կը հպարտանան սուրիական հալածիչը վար առնելնուն համար: Իսկապէս ալ սահմանի ապահովութեան պահպանումը որեւէ երկրի իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն է… Իսկ եթէ այս սուրիական հալածիչը Սուրիոյ պետութեան սահմանին ապահովութիւնը պահպանելու համար երկինքը կը գտնուէ՞ր: Ըսենք, որ սխալմամբ անցած կամ չէ անցած սահմանը:
Չէ՞ որ մեր օդանաւն ալ Սուրիոյ հետ սահմանի ապահովութեան հսկելու ատեն պատահմամբ հատած է սահմանը: Սակայն խորքին մէջ կայ այլ իրականութիւն մը: Թուրքիան, Իսրայէլի նման, ազգային պաշտպանութիւն ունեցող ամէնէն հզօր պետութիւններէն է: Ժիհատական խումբեր, իսլամական խմբաւորումները հանգիստ կերպով կը հատեն սահմանը: Այս վիճակը ոչ միայն Սուրիոյ քաղաքացիներուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անվտանգութեան սպառնալիք կը հանդիսանայ:
Տակաւին օրեր առաջ մեր ապահովական ուժերը արաբերէն երգեր երգողներու հաւաքի մը ընթացքին բռնութիւն գործադրած էին եւ ցրուած՝ հաւաքուածները:
Սակայն զինեալ խմբաւորումները շատ դիւրին կերպով կը հատեն սահմանը եւ յարձակում կը գործեն Քեսապի վրայ:
Ապահովութեան ուժերու պարտականութիւնը ոտքէն մինչեւ գլուխ զինուած «ահաբեկիչները» բռնելը չէ՞: Ներեցէք, այս ժիհատականները «անկախութեան մարտիկներ են», չէ՞: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շատ արագ կերպով պէտք է փոխէ Սուրիոյ ներքաղաքական պատերազմին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, քանի որ ան ատոր համար բարոյապէս պատասխանատուութիւն կը կրէ:
Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է մինչեւ հիմա, Սուրիոյ տեսանկիւնէն պատերազմի պատճառ դառնալ է, սակայն Սուրիան ի զօրու չէ ատոր դէմ պայքարելու:
Ներքաղաքական պատերազմի համար պէտք է յայտարարել անկողմնակալութեան մասին եւ դադրեցնել ապստամբներուն տեղի ու անտեղի օգնութիւն ցուցաբերելը: Միեւնոյն ատեն, քանի դեռ «նոր օսմանականութիւն» կը խաղան, ուրեմն Թուրքիան այլ բարոյական պատասխանատուութիւն ալ ունի: Հոն բնակող մեր հայրենակիցները՝ հայ, ասորի, քիւրտ, թուրքմեն, ալեւի, պէտք է պաշտպանենք առանց խտրականութեան:
Անոնց ոչ միայն ապաստան, այլ նաեւ դարձեալ քաղաքացի դառնալու կարելիութիւն տանք, եթէ այդ մէկը ընելու փափաք ունին: