Եւրոգօտիի մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան («օմպուցմեն»-ներու) հիմնարկը, որ կը միաւորէ հարիւրաւոր իրաւապաշտպաններ Եւրոպայի տարածքին, արձագանգած է քեսապահայութեան խնդիրով Կարէն Անդրէասեանի ուղերձին:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս՝ Քեսապի, մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին մասին տեղեկացանք Կարէն Անդրէասեանի դիմումէն: Ան, իբրեւ այդ հիմնարկի անդամ (Հայաստանի «օմպուցմեն») իր դիտորդական եւ միջնորդական առաքելութեան շրջանակներու ծիրէն ներս, հակամարտութեան ներգրաւուած բոլոր կողմերուն անհրաժեշտ համագործակցութեան եւ օգնութեան կոչ կ՛ընէ: Այս բարդ եւ ողբերգական հանգամանքներուն մէջ պէտք է շարունակել ջանք չխնայել տարածաշրջանին մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ երկիրին մէջ ճգնաժամը խաղաղ ճանապարհով յաղթահարելու ուղղութեամբ: Պէտք է նաեւ կառուցողական համագործակցութիւն հաստատել քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, միջազգային իրաւունքի հիման վրայ: Կը յորդորենք եւ կոչ կ՛ընենք Սուրիոյ ճգնաժամի բոլոր կողմերուն, որ ներկայ տագնապը յաղթահարելու համար որդեգրեն խաղաղ եւ ուղիղ երկխօսութեան ճանապարհը, մարդկային իրաւունքներու միջազգային սկզբունքներու լոյսին ներքեւ»: