Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից "Փարոս" վարժարանին վրայ երէկ առաւօտեան հրթիռ ինկած է: Հրթիռներու պատճառով զոհուած է աշակերտ մը, կան նաեւ վիրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ:
Վիրաւորները տեղափոխուած են Դամասկոսի ֆրանսական հիւանդանոց: Հրթիռարձակումը ահ ու սարսափ տարածած է բնակիչներուն մօտ եւ բացի մարդկային վնասներէն, վարժարանը նիւթական վնասներ կրած է: Ընդհանուր առմամբ, վիրաւորներուն թիւը գերազանցած է 60-ը:
Վիրաւորուած են 4 հայ աշակերտներ եւ 2 ուսուցչուհիներ: Դէպքի վայր այցելած են Սուրիոյ առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարները:
Աւելի կանուխ սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Դամասկոսի քրիստոնէական Պապ Թումա եւ Տուելա թաղամասերուն մէջ հրասանդի հրթիռներ ինկած են դպրոցներու վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած է երեխայ մը, իսկ 41 անձեր վիրաւորուած են: Դամասկոսի ոստիկանութիւնը տեղեկացուց, որ հրասանդներէն մէկը ինկած է Պապ Թումայի ,Մանարե դպրոցին վրայ, որուն հետեւանքով 1 երեխայ զոհուած է եւ 36 հոգի վիրաւորուած: Այլ հրասանդ մը ինկած է Տուելայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մօտ գտնուող դպրոցին վրայ, որուն պատճառով 5 քաղաքացիներ վիրաւորուած են:
"Երկիր Մետիա" կը հաղորդէ թէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ ՓԱՐՈՍ վարժարանի բակին մէջ եղած պայթումին հետեւանքով զոհուած է մէկ եւ վիրաւորուած աւելի քան 50 քաղաքացի:
Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն վիրաւորներուն մէջ են չորս հայ աշակերտ եւ երկու հայ ուսուցչուհի:
(Աշակերտներ) Նարեկ Մարաշլեան, Յակոբ Խտըրլարեան:
(Ուսուցիչներ) Սիլվա Լիւլէճեան, Ռուպա Արիսեան, Ֆրասու Տէշօղլանեան:
Չեն հրապարակուած այն վիրաւորներուն անունները, որոնք տակաւին հիւանդանոցներու մէջ են եւ բուժման կ՛ենթարկուին: Անոնց կողքին կան աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, որոնք անմիջապէս դարմանման ենթարկուեցան եւ դուրս եկան հիւանդանոցէն: