Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

13 Ապրիլին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան միջոցով «Համահայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ 63,060 ամերիկեան տոլար փոխանցուեցաւ Լաթաքիոյ շտապ օգնութեան մարմինին:

Յատկացուած գումարը «Համահայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ քեսապահայութեան փոխանցուած առաջին նիւթական յատկացումն է:

Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած քեսապահայութիւնը իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, «Համահայկական հիմնադրամ»-ին, հայրենիքի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան՝ օրհասական այս պահուն բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար: